ՇԻՔԱԿՕ.- «Մոտըրն Հելթքեր» թերթը, որ առողջապահութեան մարզին մասին լուրերու եւ ուսումնասիրութեանց նուիրուած հեղինակաւոր հրատարակութիւն մըն է, կազմած է առողջապահական մարզի ընկերութեանց լաւագոյն 25 տնօրէններու 2017ի ցանկը, որուն մէջ ընդգրկուած է նաեւ հայազգի բարերար Մայք Սարեան։
2012էն ի վեր «Փրայմ Հելթքեր» առողջապահական սպասարկութեանց ընկերութեան հիւանդանոցային գործողութեանց տնօրէն Մայք Սարեան պատասխանատու է 44 հիւանդանոցներու, որոնց մէջ կ՛աշխատին աւելի քան 43,500 պաշտօնեաներ։ Յատկանշական է, որ ընկերութիւնը ունէր 18 հիւանդանոցներ, երբ Սարեան ստանձնած էր տնօրէնի իր պաշտօնը։
Ան այս մարզին մէջ 25 տարիներու փորձառութիւն ունի եւ նախապէս ստանձնած է «Փրոսփեքթ»բժշկական ընկերութեան հիւանդանոցային բաժանմունքին ու «Հերիթեճ» բժշկական ընկերութեան ղեկերը։
Հակառակ իր բազմազբաղութեան, Սարեան շարունակաբար նեցուկ կը կանգնի Հայաստանին եւ Արցախին, առողջապահական սարքաւորումներ ապահովելով անոնց հիւանդանոցներուն, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնելով հայկական եկեղեցիներու, վարժարաններու, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ շարք մը այլ հայկական ու ամերիկեան կազմակերպութիւններու:
Անցեալ Յունուարին, ան նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ հեռաձայնային զրոյցը իրականացնելու ջանքին մէջ, իսկ 2014ին ստանձնած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին հովանաւորութիւնը։
Նաեւ, անցեալ ամառ, Մայք Սարեան իր բնակարանը տրամադրեց «Ասպարէզ»ի 108ամեակին առթիւ կազմակերպուած հիւրասիրութեան եւ տակաւին կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ թերթին։
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի հայութեան մատուցած իր սպասարկութիւններուն շնորհիւ, Մայք Սարեան 2015ին արժանացաւ հեղինակաւոր «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանին: