
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան «Համաս» շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ ներկայացուց քաղաքական նոր փաստաթուղթ մը, որ կ՛ընդունի 1967ի սահմաններով պաղեստինեան պետութիւն մը, սակայն՝ առանց ճանչնալու Իսրայէլի պետութիւնը, միաժամանակ նշելով, որ պաղեստինեան տագնապը կրօնական չէ՛:
«Համաս»ի հիմնադրութեան հռչակագիրը կոչ կ՛ընէր ամբողջ Պաղեստինի վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու։
Նոր փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաքը պէտք է ըլլայ Երուսաղէմը, նշելով նաեւ գաղթականներու տունդարձի պայմանը:
Փաստաթուղթը կը շեշտէ, թէ «Համաս» կը պայքարի «սիոնական ծրագիր»ին եւ ոչ թէ հրէական կրօնքին դէմ:
Իսրայէլացի պաշտօնատարները, իրենց կարգին, մերժեցին փաստաթուղթը՝ նշելով, որ «Համաս» անոր միջոցաւ կը փորձէ աշխարհը համոզել, թէ ինք կը վերածուի աւելի չափաւորական խմբաւորումի մը: