ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիական տագնապի լուծման հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ծրագրուող ապահովական գօտիները փակ պիտի ըլլան ամերիկեան օդուժին դիմաց եւ նշեց. «Երաշխաւոր երկիրները (Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան) լարուածութեան մեղմացման գօտիներու յուշագիրին մասին տեղեակ պիտի պահեն ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը, անոր հաւանութիւնը ստանալու համար»: Ան շեշտեց, թէ ապահովական գօտիները փակ պիտի ըլլան նաեւ Միացեալ Նահանգներուն գլխաւորած միջազգային դաշինքի օդանաւերուն դիմաց։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ իր երկիրը Ասթանայի ժողովին ու ապահովական գօտիներու հաստատման մասին համաձայնութեան ուղղակի մասնակից կողմ մը չէ՝ մտահոգութիւն յայտնելով այդ համաձայնութեան կարգ մը պայմաններուն հանդէպ: