ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Պրիւքսէլի մէջ Հայ առաքելական Ս. Մարիամ Մագտաղենացի եկեղեցւոյ մէջ, Մայիս 1ին իրականացաւ սուրիահայութեան օժանդակելու դրամահաւաք: Այս մասին կը յայտնէ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան:
Սուրիահայութեան աջակցութեան ուղղուած դրամահաւաքին միացան Պելճիքայի մէջ գործող գրեթէ բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները: Ներկայ էին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Հալէպի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան:
«Դրամահաւաքը նպատակ ունի սուրիահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները ներկայացնելու Պրիւքսէլի հայ համայնքին: Սրբազան հայրը ներկայացուցած էր իրենց ակնկալիքները, թէ այժմ ի՞նչ կարելի է ընել սուրիահայութեան համար: Կարօ Իւզպաշեան, իր հերթին, ներկայացուցած էր սուրիահայութեան խնդիրները: Պելճիքայի հայ համայնքը, այսպիսով, փորձեց նիւթական օժանդակութեամբ օգնել սուրիահայերուն», նշեց Պետօ Տէրմիրճեան:
Հաւաքուած գումարը, ըստ իրեն, սուրիահայերուն պիտի հասնի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին միջոցով, որ լաւ ծանօթ է սուրիահայերու խնդիրներուն:
«Հայ համայնքին հետ հանդիպումէն բացի, կ՛ակնկալուին նաեւ քաղաքական հանդիպումներ: Շահան արք. Սարգիսեան եւ Կարօ Իւզպաշեան Մայիս 2ին եւ 3ին պիտի մասնակցին Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հանդիպումներուն. պիտի հանդիպին Պելճիքայի դաշնակցային եւ շրջանային մակարդակի խորհրդարաններու ներկայացուցիչներու հետ։ Նախատեսուած է հանդիպում Եւրոխորհրդարանի պատասխանատուներու հետ՝ նպատակ ունենալով իրազեկել սուրիահայերու խնդիրներուն մասին», ընդգծեց Պետօ Տէմիրճեան: