«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Կլենտէյլ քաղաքի այս շաբթուան սկիզբը նշանաւորուեցաւ նոր քաղաքապետի ընտրութեամբ:
Արդարեւ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի հինգ անդամները, ընդունուած կարգով, իրենց մէջէն Վարդան Կարապետեանը ընտրեցին իբրեւ հոծ հայկական բնակչութիւն ունեցող այդ շրջանի քաղաքապետ՝ մէկ տարուան ժամկէտով:
Վերջին ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք, աննախընթաց վիճակ մը ստեղծուած էր Կլենտէյլի քաղաքապետարանին մէջ: Հնգանդամ այս խորհուրդին մէջ արդէն իսկ մեծամասնութիւն կազմող հայ ընտրեալներուն վրայ գումարուեցաւ եւս մէկը՝ յանձինն Վրէժ Աղաջանեանի:
Անկախ այն իրողութենէն, թէ Քաղաքապետական խորհուրդի չորս անդամները իրենց քաղաքական, գաղափարական, հասարակական ինքնուրոյն մօտեցումները ունին եւ դժուար թէ կարելի ըլլայ աւանդական մօտեցումով զանոնք դասել՝ թէ՛ ամերիկեան եւ թէ հայկական չափանիշներով այս կամ այն ուղղութեան մէջ, քաղաքի ոչ-հայ բնակչութեան համար սակայն, անոնց գործն ու աշխատանքը գնահատելու ժամանակ անկարելի պիտի ըլլայ հայկական գործօնը անտեսել:
Հայ քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդի միւս երեք անդամները՝ Զարեհ Սինանեանը, Արա Նաճարեանն ու Վրէժ Աղաջանեանը, իրենց պաշտօնին բերումով, արդէն իսկ պարտաւոր են առանց խտրականութեան ծառայելու Կլենտէյլի բոլոր քաղաքացիներուն՝ քաղաքի հնարաւորութիւնները ուղղորդելով հանրօգուտ ծրագիրներու: Կասկածէ դուրս է, որ Կլենտէյլի քաղաքական շրջանակները մասնաւորապէս եւ շրջանի ոչ-հայ բնակչութիւնը՝ ընդհանրապէս, խոշորացոյցով պիտի հետեւին հայ պաշտօնատարներու վարքին՝ անոնց գործունէութիւնը ենթարկելով բծախնդիր քննութեան:
Մեր կողմէ այս մատնանշումը նոյնիսկ կրնայ թելադրել որոշ մտավախութիւն այն մասին, որ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ կան խտրականութեան, ցեղային նախապաշարումներու վրայ հիմնուած վերաբերմունքի նշաններ: Մերժելով նման մտավախութեամբ գործելու գաղափարը՝ յանուն քաղաքին մէջ համերաշխ ու բարգաւաճ վիճակի ստեղծման, մենք պիտի ակնկալենք, որ հայկական ծագումով քաղաքապետական խորհուրդի անդամները յաւելեալ աշխատասիրութեամբ ծառայեն իրենց քաղաքացիներուն, յաւելեալ զգայնութիւն ցուցաբերեն հասարակութեան կարիքներուն՝ քաղաքը բոլորին համար հրապուրիչ եւ մատչելի բնակավայր դարձնելով: Ուզենք թէ չուզենք, երբ մենք այս քաղաքին մէջ ամէն ամպիոն եւ բեմ կ՛օգտագործենք ազգային մեր խնդիրներու արծարծման համար, ապա իւրաքանչիւր բացասական վերաբերմունք՝ հայ պաշտօնեաներուն հանդէպ, իր անդրադարձը կ՛ունենայ հայ համայնքին վրայ: Հայ պաշտօնեաներուն գործի դրական ու տեսանելի արդիւնքները այսպիսով կը նպաստեն նաեւ մեր ընդհանուր հարցերուն: