ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Սպիտակ տան մէջ, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ 15 երկիրներու դեսպաններու մասնակցութեամբ ընթրիքի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին հարցը արգելք չի հանդիսանար սուրիական տագնապին լուծման: Ասատի ճակատագիրը կը վերաբերի սուրիացի ժողովուրդին։ Ասատի մնալը կամ հեռանալը կարեւոր չէ՛, կարեւորը՝ քաղաքական հոլովոյթն է եւ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան ու մարտական գործողութիւններուն դադրեցումը»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի չէ լուծել, եթէ Ասատ իշխանութեան վրայ մնայ: «Սուրիա պէտք է ազատագրուի Ասատէն, որպէսզի կարելի ըլլայ տագնապին լուծում մը գտնել», պնդած էր Էրտողան: