ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
Ամէն տարի, հայերն ու թուրքերը իրենց շունչերը բռնած կը սպասեն, որ տեսնեն, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր ամէնամեայ Ապրիլքսանչորսեայ ուղերձին մէջ պիտի օգտագործէ՞ «ցեղասպանութիւն» բառը, հայերու զանգուածային ջարդերը նկարագրելու համար: Սակայն անոնք, կարծես թէ կը մոռնան, որ Միացեալ Նահանգները ոչ միայն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ այդպէս ըրած է բազմիցս, ամէնէն բարձր մակարդակներու վրայ։
Արդարեւ, Ներկայացուցիչներու տունը երկու անգամ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 1975 եւ 1984 թուականներուն: Նոյն բանը ըրած է նախագահ Ռեկըն՝ 1981ի Ապրիլ 22ին, իր նախագահական թիւ 4838 հռչակագիրով: Իսկ ամէնէն կարեւորը, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Միջազգային Դատարան) ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ, 1951ին։ Հետեւաբար, այս բոլոր ճանաչումներէն ետք, ինչպէս բազմիցս նշած եմ խմբագրականներուս մէջ, հայերը այլեւս ճանաչման լրացուցիչ կարիքը չունին Միացեալ Նահանգներու նախագահին կամ Քոնկրեսին կողմէ:
Այս տարի, շատեր հետաքրքուած էին, թէ արդեօք Թրամփ ընդհանրապէս հանդէս կու գա՞յ ուղերձով մը՝ Ապրիլ 24ի կապակցութեամբ, եւ արդեօք կ՛օգտագործէ՞ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը: Այն բանէն ետք, որ 84 քոնկրեսականներ համատեղ նամակով մը դիմեցին Թրամփին, իսկ Քալիֆորնիայէն Մայք Սարեանի նման անհատներ կապուեցան Թրամփի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ յորդորելով նախագահը ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Սպիտակ տունը Ապրիլ 24ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ հրաժարելով սակայն զայն «ցեղասպանութիւն» անուանելէն:
Լաւ լուրը այն է, որ հաշուի առնելով Թրամփի՝ հայկական հարցերուն ծանօթ չըլլալու եւ որեւէ քարոզչական խոստում տուած չըլլալու հանգամանքը, Թրամփի վարչակազմը ամբողջութեամբ չանտեսեց Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը եւ այս յատուկ օրը նշեց յայտարարութեամբ մը, ինչպէս ըրած են նախորդ քանի մը նախագահները: Թրամփի յայտարարութեան մէջ նշուած են Ցեղասպանութեան հիմնական փաստերը՝ հայերու զանգուածային ջարդերը ներկայացնելով որպէս «20րդ դարու զանգուածային վատթարագոյն վայրագութիւններէն մէկը: Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին տարիներուն՝ 1915 թուականէն սկսեալ, մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ գացած են տեղահանութիւններու, կոտորածներու կամ մահուան երթերու»:
Մինչ հայերը հիասթափուած են այն բանէն, որ Թրամփ խուսափեցաւ օգտագործելէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը, թուրքերը ցնծալու ո՛չ մէկ պատճառ ունին: Ընդհակառակն, անոնք պէտք է ամչնան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրենց նախնիները կը մեղադրէ «20րդ դարու զանգուածային վատթարագոյն վայրագութիւններէն մէկը» իրագործած ըլլալու յանցանքով եւ կը յիշատակէ մէկուկէս միլիոն հայերու ջարդը, զոր թրքական կառավարութիւնը կը ժխտէ մինչեւ օրս…
Այնուամենայնիւ, վա՛տ լուրը այն է, որ Թրամփ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ըստ որուն՝ ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար որպէս ցեղասպանութիւն: Թրամփի օգնականները պարզապէս ընդօրինակած էին այն գրութիւնները, որոնցմով հանդէս եկած էր Օպաման՝ ութ տարի շարունակ, եւ անկէ առաջ՝ նախագահներ Պուշ եւ Քլինթըն, յիշատակելով «Մեծ Եղեռն» եզրը, որ բացի հայերէն՝ ո՛չ ոք կը հասկնայ, եւ ըստ միջազգային օրէնքի՝ իրաւական նշանակութիւն չունի, ինչպէս ունի genocide եզրը կամ հայերէնով նոյն «ցեղասպանութիւն» բառը: «Մեծ Եղեռն» եզրի կիրառումը սոսկ խորամանկ հնարք է՝ խուսափելու համար «ցեղասպանութիւն» բառէն:
Նախապէս, ես ունէի այն դիրքորոշումը, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը չի կրնար ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, ան գոնէ պէտք չէ վիրաւորէ հայ զոհերուն յիշատակը եւ ամերիկահայերուն բանականութիւնը (intellect)՝ զայն յիշատակելով իբրեւ «ողբերգութիւն» եւ «վայրագութիւններ»: Երբ Թրամփի մամլոյ խօսնակ Շան Սփայսըրին հարցուցին Սպիտակ տան Ապրիլքսանչորսեայ ուղերձին մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրի բացակայութեան մասին, ան շնականօրէն պատասխանեց, որ՝ «այդ համահունչ է այն լեզուին, որ կրկին ու կրկին կիրառուած է (նախկին նախագահներու կողմէ)»: Ապշեցուցի՛չ է այն, որ Թրամփ, որ միշտ կը հպարտանայ իր անկախ միտքերը բարձրաձայնելով եւ խստօրէն կը քննադատէ նախորդ նախագահներու թերութիւնները, յանկարծ ինքզինք հպարտ կը զգայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին անոնց անընդունելի գրաքննութեան հետեւելուն համար…:
Թրամփ զայրացուցած է բազմաթիւ մարդիկ՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին, երբ այս ամսուան սկիզբը Թուրքիոյ մէջ կայացած հանրաքուէէն ետք հեռաձայնած եւ շնորհաւորած է Էրտողանը՝ կեղծուած ընտրութեան առիթով, որ ընդլայնեց Էրտողանի բռնատիրական լիազօրութիւնները… Թրամփ նաեւ կը նախատեսէ ընդունիլ Էրտողանը Սպիտակ տան մէջ, այս տարուան Մայիսին…
Ես լիովին համաձայն եմ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Ամերիկայի Հայկական Համագումարի արձագանգներուն՝ Թրամփի յայտարարութեան վերաբերեալ: Արդարեւ, Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց. «Նախագահ Թրամփ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակելու եւ դատապարտելու ամերիկեան քաղաքականութեան փոխարէն, ընտրած է Անգարայի՝ «բերան փակելու» քաղաքականութիւնը: Չկարենալով Ապրիլ 24ին պատշաճ կերպով յարգել զոհերուն յիշատակը՝ Թրամփ փաստօրէն ցեղասպանութիւններու կանխումին ուղղուած Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը յանձնեց Ռեչեփ Էրտողանի ձեռքը, այն մեծամիտ ու ինքնիշխան բռնապետին, որ հրապարակաւ կ՛ոլորէ Ամերիկայի նախագահներուն ձեռքերը՝ ստիպելով անոնց լռել միլիոնաւոր հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ Թուրքիոյ միւս քրիստոնեաներու զանգուածային սպանութիւններուն մասին»: Իսկ Ամերիկայի Հայկական Համագումարը յայտարարեց. «Նախագահին ուղերձը չկրցաւ կանգնիլ յանուն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան. այդ կը հակասէ ամերիկեան արժէքներուն եւ կը ներկայացնէ միեւնոյն անձնատուութիւնը՝ թրքական բռնապետութեան առջեւ, որ շատ աւելի մարդկային կեանքեր կ՛արժէ»:
Ամերիկայի հայ համայնքի վաղեմի աջակից, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ եւս հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ դատապարտելով Թրամփի ուղերձին մէջ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրի բացակայութիւնը. «Այսօր մենք հերթական հիասթափութիւնը ապրեցանք ե՛ւս մէկ նախագահէ, որ հրաժարեցաւ 1915-1923 թուականներուն մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութիւնը ճանչնալէն իբրեւ ցեղասպանութիւն, ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս եղած է: Նախագահ Թրամփ միացաւ երկար ցանկին՝ հանրապետական եւ դեմոկրատական այն նախագահներուն, որոնք չէին ցանկար առճակատման երթալ Թուրքիոյ հետ, եւ հրաժարելով այդ արարքէն՝ ան Միացեալ Նահանգները կրկին անգամ մաս դարձուց ժխտողական արշաւին: Ի՞նչ բարոյական իրաւունքով կրնանք խօսիլ ԻԼԻՀի (Իսլամական պետութեան-Խմբ.) ցեղասպանական արշաւին մասին՝ ընդդէմ կրօնական փոքրամասնութիւններու Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, եթէ չենք ցանկար դատապարտել անցեալ դարու առաջի՛ն ցեղասպանութիւնը: Եթէ նախագահը չի բարձրաձայներ այդ մասին, ապա այդ պէտք է ընէ Քոնկրե՛սը, եւ ես կը միանամ իմ գործընկերներուս՝ հանրապետականներուն եւ դեմոկրատականներուն, կոչ ընելով Քոնկրեսին ընդունելո՛ւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւը»:
Քոնկրեսական Շիֆի նկատմամբ իր ունեցած ամբողջ յարգանքով հանդերձ, ամերիկահայ համայնքը կարիքը չունի Ներկայացուցիչներու տան եւս մէկ այլ բանաձեւի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, 1975 եւ 1984 թուականներուն արդէն իսկ ընդունուած երկու բանաձեւերուն կողքին: Հայ ժողովուրդին միակ պահանջը արդարութի՛ւնն է՝ իր վիթխարի կորուստներուն հատուցումը, անհատական եւ համայնքային բռնագրաւուած ունեցուածքին վերադարձը եւ բռնի խլուած հայկական տարածքներուն ազատագրումը: Ահա՛ թէ ինչ պէտք է պահանջէ Ներկայացուցիչներու տան յաջորդ բանաձեւը, այլ ոչ թէ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Վերջապէս, շատ ուրախ եմ, որ «Ուիքիլիքս»ը, Ապրիլ 24ին, իր «Թուիթըր»ի էջի 4.6 միլիոն հետեւորդներու ուշադրութեան ներկայացուց իմ նախորդ յօդուածներէն մէկը՝ անցեալ տարուան նախագահական ընտրութիւններէն առաջ Հիլըրի Քլինթընի կողմէ իր իսկ քարոզարշաւի գլխաւոր օգնականներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեամբ մը հանդէս գալու առաջարկը մերժելու մասին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ