ՊՈԼԻՍ, «Արեւելք».- Ապրիլ 24ի առաւօտեան, Պոլսոյ Սուլթան Ահմետ հրապարակին վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է: Ըստ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութեան՝ ձեռնարկը կազմակերպած էր Թուրքիոյ «Մարդու իրաւունքներու միութիւն»ը:
Ըստ «Էրմենիհապեր»ի՝ արարողութեան մասնակցեցան Եւրոպայէն եւ աշխարհի տարբեր վայրերէ եկած հայեր: Մասնակիցները պարզեցին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է՝ «Ճանչցիր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ներողութիւն խնդրէ, փոխհատուցէ»:
Այդ ընթացքին խումբ մը թուրք ուսանողներ վանկարկած են «Մենք Մուստաֆա Քեմալի եւ Էնվեր փաշայի զինուորներն ենք»: Վերջիններուս ոստիկանութիւնը արագ կերպով հեռացուցած է տարածքէն:
Ձեռնարկին մասնակից Եւրոպայի հակացեղային շարժման (EGAM) նախագահ Պենճամին Ապթան լրագրողներուն ըսած է. «Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ շարունակուող պայքարը միայն այստեղ չէ, այդ պայքարը կը շարունակուի ամբողջ աշխարհի մէջ: Մենք՝ որպէս Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն եկած հայեր եւ այլազգիներ, այդ պայքարին համար այստեղ ենք»:
Նոյն կազմակերպութեան Պոլսոյ ներկայացուցիչ Մերալ Չըլքըն քննադատած է այն, որ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներ Թալէաթ եւ Էնվեր փաշաներու անուններով հրապարակներ, դպրոցներ, փողոցներ եւ պողոտաներ կոչուած են:
Իսկ ինչպէս «Սի.Էն.Էն.»ի (CNN) թրքական ծառայութիւնը կը յատնէ՝ Պոլսոյ Էլմատաղ շրջանին մէջ կայացած յիշատակի արարողութեան ընթացքին հաւաքի մասնակիցները պարզած են 235 մտաւորականներու լուսանկարներով ու անուններով պաստառներ, ինչպէս նաեւ՝ 2007ին սպանուած Հրանդ Տինքի նկարով պաստառ մը:
Նախաձեռնութեան հեղինակներուն ջանքերով Էլմատաղի մէջ հայ մտաւորականներուն ի պատիւ երկու յուշաքար բացուած է:
Աղբիւրը, խօսելով ձեռնարկին մասին՝ յատուկ կերպով անդրադարձած է Կոմիտաս վարդապետին եւ շեշտած, որ աքսորէն 15 օր առաջ Թալէաթ փաշա յոտնկայս ծափահարած է Կոմիտասին՝ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած համերգին:
Լուսանկարները՝ ՎԱՐԴԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆի