ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Վաւերագրական տետրի մը ոդիսականն է յօդուածս: Վաւերագրողը իմ ծնողներուս ամուսնութեան խաչեղբայրը եւ առաջին զաւակներու կնքահայրը եղած Խոսրով Խանարեանն է, որ ծնած է Ակն, 1896ին: 1915ին, արդէն իսկ 17 տարեկան է:
Իր ծնողներէն կը բաժնուի ձերբակալութիւններու տաք շրջանին եւ 4 տարի կ՛ենթարկուի հազար ու մէկ չարչարանքի (փամփուշտներով սպաննուող երիտասարդներու դիակներուն տակ կը մնայ, կրկին կը ձերբակալուի, կը մտնէ Մեզրէի «Կարմիր բանտ»ը, ուր մեր գրագէտները բանտարկուած էին ամիսներով՝ մինչեւ իրենք-զիրենք կրակի տալով այրիլը, ինչին ականատեսն է ինք՝ Խոսրովը, եւ այլն): 4 տարի կը շրջագայի փախստական ու որբ, Էրզրումի, Արաբկիրի, Խարբերդի, Ակնի մէջ, որոնց մասին բաւական մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ: Իւրայատուկ ներկայացման ձեւ է իր որդեգրածը: Իր կեանքի անցուդարձերը նկարագրելու փոխարէն, կը խօսի քաղաքական վիճակին, ժողովուրդի կեանքին ու մանաւանդ՝ մշակութայինն ու ազգայինը շօշափող կորուստներու մասին: Ձերբակալուող գրագէտներու եւ երեւելիներու ցանկը կու տայ, Արաբկիր, Խարբերդ, Էրզրում, Ակն, նաեւ՝ ոճրագործ թուրքերու անունները՝ իրենց զբաղեցուցած պաշտօններով: Ինչպէս ինք կ՛ըսէ յաջորդ կտորին մէջ, կորուստը շա՛տ մեծ է, ինչքէ ու տունէ շա՜տ աւելին է: Այս բոլորը համապարփակ բանի մը վերածելու անկարողութեան առջեւ կը գտնէ ինքզինք…:
Գրած է 12 հատոր հաշուող վաւերագրութիւն, զոր Հայաստանի ակադեմականներէն՝ տիրեքթոր Յովհաննէս Ինճիկեանին եւ քարտուղար Վահան Բայբուրթեանին կը ներկայացնէ, սպասելով անոր հրատարակութեան. (1985ին տակաւին չէր հրատարակուած): Եթէ ինծի յանձնուած տետրին բովանդակութիւնը բաւական բան կ՛ըսէ այդ շրջաններուն մէջ պատահածին մասին, ապա կ՛ենթադրեմ, թէ որքա՜ն աւելի կայ իր 12 հատորներուն մէջ:
1985ին, ան արդէն 89 տարեկան էր: Ընդօրինակած եմ իր տետրէն բաւական հետաքրքրական մասեր, որպէսզի գաղափար մը կազմէ ընթերցողը ոչ միայն իր մասին, այլեւ՝ ամբողջ Խարբերդ գաւառին մէջ ներառուած քաղաքներու վիճակին մասին:
Զարմանքով տեսայ, որ այս տետրին ճիշդ մէջտեղէն 4 թերթ, այսինքն՝ 8 էջեր, մկրատուած եւ հանուած են: Կը թուի, թէ «բանէ մը վախի» ազդեցութեան տակ կատարուած է մկրատումը (տե՛ս պատկերը): Ասոնց կողքի էջին վրայ են նահատակուողներու անունները, զորս կու տանք ստորեւ:
Նշեցի, թէ իւրօրինակ է իր մօտեցումը: Ինծի կը թուի, թէ անիկա իր հոգիին ու ապրումներուն պատմութիւնն է, աւելի քան՝ իր առարկայական մօտեցումը՝ ինքն իրեն, իր կեանքին: Հոն չկան սխրանքներ, այլ կայ ազգայինի կորուստի մտահոգութիւն: Բանաստեղծութենէ աւելի ոտանաւորներ կը կազմեն իր հոգիէն բխած ցասումները:
Ահաւասի՛կ ենթավերնագիրները.
- Բողոք նահատակներու
- Յիշատակ՝ Ապրիլ 24, 1915ին ձերբակալուած հայ հանճարներու
- Աքսորուած հայ պապիկներու յիշատակին – 1915
- Ցաւի, վիշտի դառն խօսքեր
- Վրէժի ձայնը
- Նահատակուողներու անուններ
- Տեղեկանք՝ իր եւ իր 12 հատոր հաշուող գործին մասին
- Տեղեկանք՝ Խարբերդի նահանգի ջարդերու պատասխանատու պաշտօնեաներու անունները (տե՛ս ստորեւ)
- æահիլ կեանքս՝ դիակներու ընկերացած – 1915 Օգոստոս 23
- Բողոք Աստուծոյ
- Յուսահատուած դառն վիճակ – բանաստեղծութիւն
- Անէ՛ծք՝ Հայ ժողովուրդի թշնամուն
- 1915 Ապրիլ 24ին, Ակնայ ձերբակալուած մտաւորականներու անունները
- 1915 Ապրիլ 24ին, Արաբկիրի ձերբակալուած մտաւորականներու եւ երեւելիներու անունները
- Ապրիլ 24էն վերջ ձերբակալուած արաբկիրցիներու անունները
16- Ճամբորդութիւն մը Արաբկիր եւ աւերակներու նկարագրութիւն – 1915 Մարտ 25 (կցուած՝ սոյն յօդուածին)
- Արաբկիրի ուսումնարանի գերազանց սովորողներու անուններ
- Հայ զինուորներու գնդակահարութիւնները – Հայոց զէնքերը հաւաքելու տեսակները
- Բանաստեղծութիւն՝ Հնչակեան Կուսակցութեան 20 կախաղաններու մասին
- Մեզրէի արիւնոտ Կարմիր շէնքի մասին
- Պատերազմէն առաջ հայ կեանքը. 1913 Նոյեմբեր 21, Գիրերու գիւտի 1500ամեակի մանրամասն նկարագրութիւն Խարբերդի մէջ
- Խոսրով Խանարեանի Մեզրէի Կարմիր բանտ մտնելը, դատուիլն ու ազատիլը
- Ցեղասպանութեան 70ամեակին նուիրուած 2 բանաստեղծութիւն
- Կենսագրական տեղեկութիւններ՝ հետեւեալ ուսուցչապետներուն մասին.
Եփրատ Քոլեճէն՝ Խաչատուր Նահիկեան, Նիկողոս Թէնէքեճեան, Յովհաննէս Պուճիքանեան, Կարապետ Սողիկեան, Տօնապետ Լիւլէճեան, Մկրտիչ Որբերեան
- Երկու բանաստեղծութիւն – Արեւմտեան Հայաստանի ամենավերջի գարունը
- Ծիծեռնակաբերդ, 70ամեակ, Խ. Խանարեան՝ իր յուշերուն հետ
- Ներգաղթ դէպի Մայր հայրենիք – 1946, Յուլիս 9, երկրորդ կարաւան
- Ընդօրինակութիւններ Քամառ Քաթիպայէն, Արշակ Չօպանեանէն, Րաֆֆիէն (վերապրողներ իրենց հոգիին՝ ընդհանրապէս ցասում, մղձաւանջ, ջարդի տեսարաններու նկարագրականներ… արտայայտութիւնը կը գտնէին մեր մեծ բանաստեղծութիւններու քերթուածներուն ընդմէջէն).
- Այցելութիւն Ակն, Ակնայ երգերու, ծէսերու, օրհնանքներու, անէծքներու, օրօրներու, պանդուխտի երգերու արտագրութիւն եւ բաւական հարուստ նկարագրութիւն (առանձինն տետր մըն է միա՛յն այս մէկը)։
Ենթադրութիւն մը կարելի է ընել, որ ընդամէնը լայնածաւալ աշխատանքի մը նօթագրութիւնն է ասիկա՝ բաւական ընթեռնելի մաքո՛ւր ձեռագիրով, որմէ նմոյշներ կ՛ընկերանան յօդուածին: Նկատի պէտք է ունենալ, որ աւելի շատ նօթատետր է, քան՝ լրացած, ամբողջացած գիրք: Բոլոր փակագիծերու մէջ առնուած բառերը կամ տողերը յաւելումներ են մեր կողմէ, որպէսզի տողը կամ բառակապակցութիւնը իմաստաւորուի: Կը խնդրեմ ընթերցողին ներողամտութիւնը:
***
«Կորուստին Մեծը՝ Մեր Էրկիրը, Մեր Լեզուն»
(Զրոյց՝ վերապրող կնքահօրս՝ Խոսրով Խանարեանի հետ – Վ.Դ.)
– Ահա՛ պատկերը, հասցէն վրան է, կ՛երթաք կը գտնէք մեր կնքահայրը, Նոր Արէշ, Երեւան: Չմոռնա՛ք:
Այս արդէն քանիերորդ անգամն էր, որ հայրս մեզի կը խօսէր մարդու մը մասին, որ «նշանաւոր ակնցի մըն էր», որ կարդացած, զարգացած «բանաստեղծ էր», «օր երբ բերանը բանար, ամէնքը ափ ի բերան կը մնային», որ Ակնայ ու Արաբկիրի մէջ ուսուցիչ եղած էր, որ սանկ-նանկ մարդ չէր, «մե՛ծ մարդ էր»: Եւ մենք՝ քոյրս ու ես, մեր Հայաստան առաջին այցելութեան, պարտաւոր էինք գտնել հօրս ու մօրս ամուսնութեան խաչեղբայրը՝ Խոսրով Խանարեանը, որ եղեր էր նաեւ մեծ քրոջս ու եղբօրս կնքահայրը:
1985ի ամրան էր: Համազգայինի դէպի Հայաստան կազմակերպուած շրջապտոյտն էր: Առաջին առթիւ, հասցէն ու պատկերը գրպանս, գտանք տունը: Ցածկեկ, միայարկ, քիչ մը Հալէպի Նոր Գիւղի 1950ական թուականներու տուները յիշեցնող բակով տուն մըն էր, որուն երկու պատերէն կախուած ու տանիք դարձած որթատունկի շուքին տակ, «սետիրին» վրայ նստած էր տան հայրիկը: Դրան ճռռոցին հետ կողքի դռնէ մը դուրս եկան երկու կին ու պզտիկներ: Ծանօթացումէն ու ծնողքիս ու բարեկամներու մասին մեզի տրուած հարցում-պատասխաններով արդէն մտերմացած, իր մեծ դուստրը՝ Լուսիկը, ինծի մօտեցաւ ու շշուկով ըսաւ. «Իրմէ ուզէ իր գրութիւնները, գիրք գրած է ու մարդու չի տար»։ Արագ հեռացաւ, կորսուեցաւ խոհանոցի բոյրերուն մէջ, որովհետեւ, եւ շատ հաւանաբար, գիտէր իր գլխուն գալիքը:
– Կնքահա՛յր,- հարցուցի,- հայրիկս ըսաւ, որ դուն արդէն իրեն գրած ես գիրքիդ մասին ուր կը պատմես գլխուդ եկածները: Ո՞ւր է գիրքդ, կրնա՞մ տեսնել:
– Չըլլալիք գիրքս….,- ըսաւ ու երկար, լման նախադասութենէ մըն ալ երկար, լուռ նայեցաւ դէմքիս: Կարծես ես չկայի, կուրծքը անհանգիստ շնչառութեամբ մը վեր ու վար կ՛ընէր, դեղնած մատներուն կպած սիկառէթին ծուխը ներս կը քաշէր, ոտքերու հողաթափերուն կը նայէր… ապա՝ կրկին զիս կը քննէր: Կարծեցի, որ ահա՛, ուր որ է, սկսիլ մը կայ, մեր դէմքերը զննելուն եւ յուշերու մէջ կորածի նայուածքին մէջ, ճիշդ իմ մեծ հօրս պատմած հեքիաթներու դռները բացող խորունկ շունչին պէս, բայց այս անգամ մեր ակնկալածը իր կեանքի պատմութիւնն էր… «Թերեւս ալ՝ մեր բակի դրացիներուն եւ հայրիկին պատմածներուն նմանող բան մըն է պատմելիքը», յուշեց քոյրս, «մենք արդէն ատիկա գիտենք, շուտ ընենք, չուշանանք», ըսաւ՝ ո՛չ այնքան անլսելի: Աչքերը սեւեռեց քրոջս վրայ, յետոյ՝ ինծի. «Ամէն մէկուս կեանքը անձնական է, ի՛մս՝ ի՛մս է, մեր ընտանիքի՛նն է, իմս՝ 6 անգամ մահէն ազատիլն է: Բան չկայ, ամէնքինն ալ փախուստի, փրկուելու, ապրելու մասին է, արդէն ուրիշ բան ալ չի կար, բայց հասկցի՛ր, ամէն մէկինը՝ ի՛րն է, իր կորսնցուցածն ալ, իր գտածն ալ»: Լռեց: Իր աղջիկը սուրճ բերաւ:
– Մարդու բան չ՛ուզեր պատմել,- փսփսաց աղջիկը ականջիս,- բայց դուն զոռէ՛, անանկ կ՛երեւի, որ քեզի կը սիրէկոր…: Սկսա՞ւ հետերնիդ խօսիլ… Ըհը՛ Մեսրոպն ալ եկաւ,- ըսաւ Լուսիկը ու գնաց դէպի փողոցի դուռը: Ծանօթացում, ողջագուրում եւ ընթրիքի հրաւէր:
– Ի՞նչ է, հայրի՛կ, քէֆիդ քէֆ չի հասնիր հա՞, հարազատներդ եկեր են…:
Կնքահայրը հպարտութեամբ նայեցաւ ետեւէն. իր տղան 4 զաւակներու հայր է, էհէէէ՜…:
– Մեսրոպս շատ լաւ տղայ է, թոռնե՞րս հլա…
Եւ յանկարծակի դարձաւ ինծի:
– Հաւատա՛ ըսածիս. շատ եմ փնտռեր մէկին, որ տարագրութենէն ազատուած ըլլայ, որ իմ մորթիս վրայ քաշած չարչարանքներէն ու մահէն 6 անգամ ազատուի, որ վերջն ալ հայ ժողովուրդի ականատեսի պատմութիւնը պատրաստէ: Չգտայ ու չգտայ…:
– Հրաշքի համազօր բան էր փրկուիլը այն ատենները,- ըսի։
Նայեցաւ ինծի տեսակ մը քմծիծաղով.
– Հրա՞շք: Ինչու Աստուած կա՞ր, որ հրաշք գործէր…:
Ոտքի կեցաւ: Նոր տեսայ, որ այսքան բարձրահասակ էր: Ձեռքերը վեր բարձրացուցած՝ սկսաւ նախ մեղմ, ապա գոռաց. «Է՜յ Աստուած, եթէ դուն իրական ես, ապա ցոյց տուր քո հայրական զօրութիւնդ եւ հրաշքներդ, եթէ ոչ՝ ուրեմն դուն բոլորովին սուտ ես եւ մենք՝ բոլորովին խաբուած…»։
Ամբողջ մարմնով կը դողար: 89 տարեկան մարդու ցասումը ինք բողոք-աղօթքի էր վերածած, այնպէս՝ ինչպէս հայրս, եւ հազարաւոր որբեր ու խեղուած ինքնութիւն առ տակաւ փնտռողներ:
– Նորութիւն չէ՛,- ըսաւ Մեսրոպը,- ա՛յս ենք. մղձաւանջը աւելի զօրաւոր է մանաւանդ Ապրիլ ամսուն: Ահաւոր բան է կէս գիշերին արթննալն ու իր մայրը տեսնել կարծելը…
– Հայրիկս ալ այդպէս է,- յարեց քոյրս շշուկով:
– Հրաշք գործողը մե՛նք էինք,- մէկէ մը վրէժ լուծողի պէս եւ ձայնի զարմանալի հանդարտութեամբ շարունակեց,- սա բազուկները կը տեսնե՞ս, ասո՛նք ապրեցուցին: Սա գլուխն ու խելքը մեզ ապրեցուցին: Կորսնցուցինք ամէն ինչ: Կորուստին մեծը՝ մեր էրկի՛րն էր, մեր տունն ու տեղը, հողը, մեր լեզուն, մեր գրագէտները, ի՜նչ մարդիկ էին, ի՜նչ հանճարեղ…
Զարմացեր էի, որ կը խօսէր հողի կորուստին մասին, ինք՝ 1946ին հայրենիք ներգաղթած մարդ։
– Բայց հոս հայրենի՛քդ է, չէ՞,- ըսաւ քոյրս՝ ջանալով մեղմել ստեղծուած վիճակը:
– Հա՛, էրկիր է, բայց իմ տեղս, իմ հողս չէ, Ակն չէ, Արաբկիր չէ… Մեր դրախտը չէ, կը հասկնա՞ք…: Ես ո՞վ եմ: Անունս՝ Խոսրով Խանարեան է, 22 տարեկանիս դարձայ ուսուցիչ, երբ Ակնայ եւ Խարբերդի մէջ դպրոց բացինք: Աս ամէնը գրած եմ: Բայց ես հոն ծնած ու մեծցած, հոն՝ Թլկատինցիի աշակերտ. տե՛ս, բառերս բառ չեն, խօսածս կէս-կատար բան է…
– Հայրի՛կ,- դիմեց Մեսրոպը գուրգուրոտ ձայնով,- մեր երկիրն է, չէ՞:
– Մերը չէ՛… Ո՛չ հոս, ո՛չ Պէրուտը, ո՛չ Հալապը, ո՛չ Ամերիկաները…
– Հապա դուն ո՞ւր ես հիմա,- ըսի կամացուկ:
– Ո՛չ մէկ տեղ եմ…
Ծխախոտի տուփին մէջ բան չկար: Մեսրոպը հատ մը բերաւ, վառեց ու տուաւ հօրը:
– Հոս, ոտքերուս տակի հողը իմս չէ՛…: Ազատ չենք… Դուք չէք տեսեր էրկիրը, որ գիտնաք համ ու հոտը հողին ալ, երկինքին ալ…:
Ձայնին մէջ այնքա՛ն խեղդուկ յուզում կար, որ ուզեցի նիւթը փոխել, ու թերեւս կարենայի ունենալ իր գրած 12 հատոր յուշագրութիւնը, որոնց մասին քիչ առաջ ըսած էր, թէ 1965ին, Ցեղասպանութեան յիսնամեակին աւարտած էր ու յանձնած Արեւելեան ակադեմիայի տիրեքթոր Յովհաննէս Ինճիկեանին եւ քարտուղար Վահան Բայբութեանին, յուսալով, որ 1966ին լոյս կը տեսնէր։
– Հրատարակուեցա՞ւ գիրքդ արդէն,- ըսի, թէեւ գիտէի, որ արդէն 20 տարի է անոր կը սպասէ:
– Չէէէէ՜, ըսի քեզի թէ ինչո՛ւ…,- կ՛երեւի կ՛ակնարկէր երկրին սովետական ըլլալուն…:
– Ինչո՞ւ կը գրես: Լուսիկը կ՛ըսէ, որ բանաստեղծութիւններ կը գրես,- ըսի՝ սպասելով, որ թերեւս իր այդ գրածները ձեռք կ՛անցընեմ:
– Գրեցի ու կը գրեմ, որ գիտնամ խելքս տեղն է: Ձեւով մը կը խօսիմ իմիններուս հետ: Փողոցը ըլլամ թէ ներսը, կամ՝ քնած, մէկէն ի մէկ, առջեւս կ՛ելլեն, քովս կը նստին. չխօսի՞մ: Չխօսիմ՝ կը խենթանամ…
– Կնքահա՛յր, Ակնայ բարբառո՞վ կը խօսիս, երբ մինակդ ես…
– Հա՛, ատեն-ատեն Ակնայ բառբարով կը շարուին բառերս, բայց ան ալ կոտրտեր է արդէն… ինչ քաղցր բան է մեր բարբառը, որ մեր դպրոցը սորվածէն հեռու չէ, դուն չե՞ս հասկնար…
– Մենք տունը մեր դպրոցի հայերէնը կը խօսինք, արեւմտահայերէ՛նը: Երբեմն տէտէս բառեր կ՛ըսէ, կը հասկնանք. «ի՛նչ է նստեր էք կրակին բոլըրտիքը», կ՛ըսէ տէտէս: Վերջապէս ժպտեցաւ, խնդուքի պէս բաներ մըն ալ թաւ պեխերուն ծայրերը վեր քաշեցին:
– Քու պապուդ պապը զինագործ Թորոս Դանիէլեանն էր: Գաղտնի կ՛աշխատէր: Մատներ էին: Առաջին Կարմիր բանտ դրուողներէն եղաւ… Գրե՛ր իմ։
Ոտքի ելաւ ու հողաթափերը քաշքշելէն՝ մտաւ քովի սենեակը:
– Արդեօք գնաց գիրքե՞րը բերելու,- հարցուցի Լուսիկին:
– Դիւրին-դիւրին այսքան չի խօսիր: Երթամ ըսեմ, որ քեզի տայ, ու դուն ալ հրատարակես Գանատայում,- ըսաւ ու գնաց: Արդէն իրենց լեզուն խառնուեր էր արեւելահայերէնին՝ մտածեցի՛:
– Դուք հոս մեծցած էք կարծեմ, չէ՞,- հարցուցի,- բայց արեւմտահայերէն կը խօսիք:
– Հայրս կը բարկանայ: Կան ուրիշ ընտանիքներ ալ, որ տան մէջ արեւմտահայերէն կը գործածեն,- ըսաւ Լուսիկը եւ յանկարծ աւելցուց շշուկով,- կարծեմ բան մը դրեր է տոպրակի մը մէջ: Մի՛ բանար, ա՛ռ ու տա՛ր:
Սրճագոյն թուղթէ պահարանի մը մէջ փաթթուած ծրար մը տուաւ. չէ՛, 12 հատորի չէր նմաներ, բայց տետր մըն էր: Չբացի՛: Յուզուած էր: Թեւերով գրկեց ուսերս, սեղմեց կուրծքին. պիտի փղձկէի, երբ կոկորդը մաքրեց.
– Սա անիծեա՛լ սիկառէթը կոկորդիս մուխը կը մարէ,- ըսաւ ու տոտիկ-տոտիկ քայլերով գնաց նստելու իր տեղը:
– Գիտե՞ս, որ հայրիկդ, մամադ ու մօրդ հայրը մեզի հետ Հայաստան պիտի գային: Հայրիկդ չստորագրեց թուղթը, որ ինք այլեւս դաշնակցական չէ՛… ու մնացին: Քու մեծ հայրիկդ, ան ալ ուրի՛շ տեսակ մարդ էր, մի քիչ «թերս»… ամէնուն կ՛ըսէր՝ «շատ բան-ման մի հաւաքէք ու բեռ շատցընէք, էրկիր տ՛երթանք»: Արիւն ու դանակ տեսած մարդ էր, էրկիր էրթալն ալ իր պարտքն էր…:
Գլուխը կախեց: Լռե՛ց: Չհամարձակեցանք շարժիլ: Ուրիշ տեղ էր արդէն: Լուսիկը մօտեցաւ, տոպրակով պտուղներ տուաւ: Մենք կը պատրաստուէինք մեկնելու, երբ լսեցինք իր ձայնը.
– Ե՞րբ տի մեկնիք:
– Քանի մը օրէն։
– Օշական գնացի՞ք…
– Այո՛:
– Բարի ճանապարհ: Հօրդ կ՛ասես՝ կեցցե՛ս: Նա կը հասկնայ:
***
Նահատակուողներու Անուններ (33 հոգի վառուած, 6 հոգի՝ գնդակով)
Տոքթ. Նշան Նահիկեան
Տիգրան Աստիկեան՝ բանախօս
Տոքթ. Տէրտէրեան
Տոքթ. Ճէլալեան
Եդուարդ Թաշեան՝ դեղագործ
Կարապետ Տէմիրճեան
Ընկեր Կարօ
Միւսի Ժան՝ թարգման շան բարակ
Յակոբ Ֆերմանեան
Հաճի Յակոբ Նաճարեան
Ասատուր Տարագճեան
Տոքթ. Գրիգոր Մումճեան՝ զինուորական բժիշկ
Նիկողոս Գալէնտէրեան
Համբարձում Այճեան՝ արաբկիրցի
Լեւոն Թոթովենց՝ Վահան Թոթովենցի եղբայրը
Փիլիպիս Նալպանտեան
Շահպազ Պետրոսեան
Մելքոն ֆռէնկեան
Հայրապետ Յովսէփեան
Մարտիրոս Մուրատեան
Կարապետ Պոյաճեան
Յարութիւն Տէր Գաբրիէլեան
Թորոս Դանիէլեան՝ ակնցի-զինագործ
Յակոբ Տէր Սահակեան՝ արաբկիրցի
1915 Ապրիլ 24ին Ակնայ Մէջ Ձերբակալուած Մտաւորականներու Անունները
Պօղոս էֆէնտի Գապուլեան
Սրապիոն էֆէնտի՝ պաշտօնեայ
Տոքթ. Նիկողոս
Տիգրան Տէվլէթեան՝ ուսուցչապետ
Գեղամ Արծրունի՝ դասատու
Պօղոս Խանարեան՝ դասատու
Նուպար՝ դեղագործ
Ղուկաս՝ դեղագործ
Արշակ Տէվլէթեան՝ դասատու
Գէորգ Տէվլէթեան՝ դասատու
Գալուստ էֆէնտի Գալուստեան
Ղուկաս էֆէնտի Վարդապետեան՝ յայտնի հերոս
Սերովբէ էֆէնտի Գալուստեան
Գրիգոր էֆէնտի Տիրատուրեան
Աւետիս Բալվուցեան
Սարգիս Բէյլոյեան
1915 Ապրիլ 24ին Արաբկիրի Մէջ Ձերբակալուած Մտաւորականներու Եւ Երեւելիներու Անունները
Տոքթ. Յակոբ Աբրահամեան՝ կառավարական պաշտօնեայ
Միհրան էֆէնտի Աչքպաշեան
Պօղոս էֆէնտի Քուռքճեան՝ փաստաբան
Պատուելի Սարգիս Գրալեան
Միհրան էֆէնտի՝ դպրոցի տնօրէն
Յակոբ էֆէնտի Պասմաճեան
Միքայէլ էֆէնտի Աղաճանեան
Արմենակ էֆէնտի Աղաճանեան
Սեդրակ էֆէնտի Յովսէփեան
Մարտիրոս էֆէնտի Այճեան
Սարգիս էֆէնտի Աչքպաշեան
Ապահ էֆէնտի Կէկուշեան
Զարմայր էֆէնտի Պըչաքճեան
Գրիգոր էֆէնտի Պասմաճեան
Գրիգոր էֆէնտի Պոյաճեան
Գառնիկ էֆէնտի Պոզաճեան
Սարգիս էֆէնտի Թէվէքէլեան՝ Հայոց առաջնորդարանի քարտուղար
Ապրիլ 24էն Ետք Ձերբակալուած Արաբկիրցիներու Անուններ
Եդուարդ Պոզաճեան
Մուշեղ Աղաճանեան
Մարտիրոս Քէնտիկեան եւ 2 զաւակները՝ Վարուժան եւ Լեւոն, շրջանաւարտ «Եփրատ» քոլեճէն
Դաթէոս Եկաւեան
Հաճիպէկ Ճիկէրճեան
Միհրան Եկաւեան
Միհրան Ղազիկեան
Մարտիրոս Տէմիրճեան
Յովհաննէս Թումիկեան
Յակոբ Օտապաշեան
Գէորգ Օտապաշեան
Հրանդ Լրաճեան
Սարաֆ Գէորգ եւ եղբայրը
Էդտէր Սարգիս եւ 2 տղաքը՝ Սմբատ եւ Կիւրեղ
Ռուբէն Տեւէճեան
Առաքել Պէրպէրեան
Ղազար Պայլիկեան
Մովսէս Մովսէսեան
Հմայեակ՝ Ամերիկայէն նոր եկած
Համբարձում Արսլանեան
Գառնիկ Արսլանեան
Փիլիպոս Ղազիկեան
Խաչատուր Սիրականեան
Գորգէն Թողլուեան
Մկրտիչ Մխալեան
Ղազար Տէֆէճեան
Առաքել Աղազարեան
Գրիգոր Եկաւեան
Տէր Կորիւն քահանայ
Վաղարշակ քահանայ Եկաւեան
(Երկու քաղաքներն ապրած եմ եւ յիշում եմ նրանց դիմագիծն իսկ)
Արաբկիր ուսումնարանի Գերազանց Սովորողներու Մի քանի Անուններ
Դաթէոս Եկաւեան
Անդրանիկ Գազանճեան
Մեհրուժան Այճեան
Սարգիս Բաղդիկեան
Տիգրան Տեւէճեան
Եզնիկ Տեւէճեան
Մինաս Աղաճանեան
Գառնիկ Եկաւեան
Եդուարդ Քիւրքճեան
Սարգիս Գասապեան
Անդրանիկ Գասապեան
Աւետի Մուրտիկեան
Սարգիս Ճանճիկեան
Մաթէոս Քիւրքճեան
Երուանդ Քիւրքճեան
Սարգիս Պասմաճեան
Կարապետ Եկաւեան
Տրդատ Տէր Սահակեան
Վարդան Տէր Սահակեան
Ռուբէն Հացագործեան
Ղեւոնդ Փիլիպոսեան
Կայծակ Օտապաշեան
Աշոտ Պոզաճեան
Կոստան Պոզաճեան
Աւետիս Ջաղացպանեան
Պօղոս Գույումճեան
Ներսէս Եկաւեան
Բաբգէն Ծովիկեան*
Մարտիրոս Բալուլեան
Գէորգ Ազնաւուրեան
*Բաբգէն Ծովիկեանը բնիկ շապին-գարահիսարցի է: Հայրը եղած է Շապին Գարահիսարի հայերու ապստամբութեան ժամանակ՝ 1915ին, հերոսամարտի պետ, յայտնի հերոս Խ. Խանարեանը։
***
Ճամբորդութիւն Մը Արաբկիր Եւ Աւերակներու Նկարագրութիւն (1915 Մարտ 25)
1915ի Մայիս 1ին, Արաբկիրէն ծնողքէս բաժանուելով՝ չորս տարի արիւնալի, ողբերգութեան օրերը Մէզիրէ (Խարբերդ) քաղաքն անցընելով, միայն եղբայրներուս ականատես (էի), (որոնց) սպանդանոց ուղարկեցին արիւնոտ բանտէն:
Ծնողքիս մասին՝ բոլորովին անտեղեակ, բռնագաղթի օրերուն… Ո՞ղջ են, թէ մահացած: Հարազատներս գաղթած են: Նրանց մասին տեղեկութիւն ստանալու համար մեկնեցայ (Մէզիրէէ՞ն), երեք օր յետոյ ժամանեցի Արաբկիր: Առաջին անգամ բարձրացայ եկեղեցիի թաղը: Հսկայ եկեղեցին իր զաւակներէն զատուած, մերկ որբի մը նման կը ծառայէր բռնապետներու ճիրաններու ներքեւ: Գեղեցիկ զանգակատունը բոլորովին անհետացած էր: Թաղը բոլորովին ամայացած էր, տուները՝ փլած, ամէն կողմ ամայութիւն, պարապութիւն ու սարսափ կը տիրէր: Յուզուած, անցեալի փայլուն օրերը յիշելով՝ բոլորտիքս նայում եմ: Գոնէ ծանօթ անձի մը հանդիպիմ: Յանկարծ, ալեւոր ծերունի (մը) հանդիպեցաւ: Գաւազանը ձեռքը՝ դանդաղ կը յառաջանար: Մօտեցայ: Զարմա՛նք: Ուսումնարանի թուաբանութեան մասնագէտ Տիգրան էֆէնտի Պողանճեանն էր: Արաբկիրցիներուն սիրուած, արժէքաւոր, առաքինի, հանճարեղ մեծ մարդը, որ նրա հնարած եւ պատրաստած բարձրագոյն թուաբանութեան գիրքերը դասաւանդութիւն տալիս են քոլեճներու եւ վարժարաններու մէջ: Երբ մօտեցայ, չափազանց յուզուած՝ դողդոջուն ձեռքերը համբուրեցի, յիշելով անցած լաւ օրերը: Գալիս էր ուսումնարան, դասատուներուն թուաբանութեան խնդիրներ կու տար, որ լուծէին։ Չէին կարող, խնդրում էին… ինք կը բացատէր: Տիգրան էֆէնտի Պողանճեանը ուշադիր նայեց ինձ.
– Զաւա՛կս, չեմ կարող յիշել։
Երբ ես բացատրեցի՝ ճանաչեց զիս: Չափազանց ուրախ եղաւ իմ կենդանի ըլլալուս:
– Զաւա՛կս, ապրում եմ ցաւով եւ վիշտով: Կորսնցուցի երկու արժէքաւոր զաւակներս՝ Եդուարդը եւ Գրիգորս։ Միայն զիս մխիթարողը թոռնիկներս են՝ Աշոտը եւ Կոստանը:
Ծերունին պատմում էր, աչքերուն մէջ արցունքներ կը շողշողային: Ես բոլորովին յուզուած վիճակի մը ենթարկուեցայ առաջին անգամ նրան հանդիպելուս՝ բաժանուելով հանճարեղ ծերունիէն: Բոլորտիքս դիտելով, ամայութի՜ւն, պարապութիւն ու սարսափ տիրող թաղերէն անցնելով՝ իջեւան ըրի մեզի ծանօթ ակնցի Նազարեանի բնակարանը: Ամբողջ վերապրող ծանօթներս անակնկալի եկան՝ այդ հասակիս (տարիքիս) ողբերգութեան օրերուն ազատուիլս (տեսնելով):
Յաջորդ օրը կենդանի ըլլալս իմանալով, դպրոցական ընկերս՝ Կարապետ Փալանճեանը, (որ) Եկաւեան թաղը մեր պատանեկան արժէքաւոր, երջանիկ օրերը միասին անցուցած ենք, զիս տեսնալուն՝ հարազատ եղբօր պէս համբուրուեցանք: Կարապետի ուրախութիւնը չափազանց էր: Բաւական մը դառն օրերու (մասին) խօսակցելէ ետք հարց տուի.
– Ես Մայիս 1էն բաժանուելով ծնողքէս՝ չորս տարի արիւնալի օրերը անցուցի Մէզիրէ: Դուն ալ ինձ նման ծանօթ ես (անց ու դարձերուն)։
Ներկայումս, 1910 թուականէն մինչեւ 1914 թուականը ուսումնարանի Շահրոզի Պօղոս Նուպար անուան վարժարանի եւ Եփրատ քոլեճի աւարտողներէն էր (խօսակիցս՝ Փալանճեանը), որ (որուն նման) հարիւրաւորներ ունէինք… Հիւրասէր արաբկիրցին նրանցով էր պարծենում. ինչքա՞ն կենդանի կան… (քանինե՞րը ողջ մնացած են):
– Այդ նոր սերունդը արաբկիրցիներու լուսաւոր աստղերը պիտի լինէին: Այդ շրջանաւարտներէն ներկայումս հինգ անձ կայ՝ Վահան Քիւրճեան, Փիլիպոս Նալպանտ-Խազարեան, պատուելի Սարգիս Գրալեանի տղան՝ Երուանդը, Կարապետ Բեհլիվանեան եւ ես՝ Կարապետ Փալանճեան: Ափսոս, մեծ ափսոս, թուրքական խաբէական (խաբող) պոռնիկ քաղաքականութեան (…) , զոհուեցան ամայի վայրերու (մէջ), ցիրուցան եղան, (մնացին) առանց գերեզմանի, որպէս կերակուր՝ գիշատիչ թռչուններու եւ վայրի կենդանիներու:
Անէ՛ծք քեզ՝ ցաւի, վիշտի աշխարհ, ի՜նչ օրերու մնացինք: Յուզուած սիրտս տրոփելով՝ միասին այցելեցինք մեր թաղը: Երբ տեսայ մեր տունը, բոլորովին քանդուած, պատերու հետքն իսկ մնացած չէր: Ամբողջ հարազատներս աչքիս առաջ եկան: Չկարողացայ ինքզինքս զսպել: Լաց եղայ: Հսկայ թաղէն մի քանի ընտանիք ազատուած էր: Կարապետի հետ այցելեցինք Եկաւեան թաղը, որ Արաբկիրի թաղերուն նշանաւորն էր: Եկաւեան Գրիգոր աղան ունէր երկու զաւակ՝ Հրանդ եւ Թաթէոս: Հրանդը՝ տոքթոր, կախուեցաւ Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտի հրապարակը, Սոցիալ Դեմոկրատ քսան հանճարներու, Փառամազ եւ արաբկիրցի Արամ Աչքպաշեանի հետ, 1915 Յունիս 15ին:
Մարտիրոս էֆէնտի Այճեան ունէր չորս զաւակներ՝ Արմենակ էֆէնտի եւ Համբարձում էֆէնտի: Համբարձումը 1915ի Օգոստոս 22ին, Մէզիրէի քաղաքային բանտին մէջ, Ապրիլ 24ին բանտարկուած մտաւորականներուն հետ, իրենց իսկ ձեռքով պատրաստուած հրդեհին մէջ վառեցան, այն նպատակով (որ) Թուրքին որոշած կացինահարութեամբ չսպաննուին:
Եկաւեան Սարգիսը ունէր հասուկ (չափահաս) վեց տղայ: Մանուսագործ (հաստ հիւսուածեղէնի գործ) Ֆէրէշէթեանը՝ վեց եղբայր, նշանաւոր մանուսագործ Սէյվերտեանը՝ չորս եղբայրներ, նշանաւոր մանուսագործ Միհրան Եկաւեան, Դանիէլ Եկաւեան եւ մանուսագործ Յակոբ Օտապաշեան, վաճառական Տելեմաք Օտապաշեան, վաճառականներ՝ Աղազարեան, Բաբելեան, Կումուշկեռտեան եւ շատ ուրիշներ… (կը նշէ այդ թաղի երեւելիներուն անունները):
Եկաւեան թաղը ունէր Եկաւեանի անուան վարժարան: Կարապետի հետ այցելեցինք Արաբկիրու բոլոր աւերակ թաղերը: Ո՞ւր են Շահրոզ, Տէրպէտէրպ, Պասմաճիլեր, Գազանճիլեր, Սուրբ Գէորգ, Քեզէ Օղլի, Եկաւեան, Մալումեան, Պէրէնկէ եւ եկեղեցիի թաղերուն պատկառելի, առողջ երիտասարդութիւնը: Իւրաքանչիւր թաղ ունէր հարիւրաւոր կտրիճներ: Ո՞ւր են շուկայի վրայ եղող արհեստաւորները, Ազքին Խանի երկու յարկի վաճառականները, ո՞ւր են հայ բողոքականները, պատուելի Սարգիս Գրալեանը, (որուն) աչքերուն նայիս՝ իմաստութիւն կը ճառագայթէր: Ո՞ւր են հայ կաթոլիկները. (անոնք) ունէին երկու վարդապետ: Արաբկիրու յուզիչ տեսիլքները (տեսարանները) տեսնելէս յետոյ, ծննդավայրս՝ Ակն գացի:
Ինծի բոլորովին զարմանք՝ (հոս, Ակնայ մէջ) երիտասարդ անձ գոյութիւն չունի: Ինչպէս իմ յուշերուս (մէջ) նկարագրած եմ, Ակն գտնւում է չորս լեռներու մէջ: Արեւելքի լերան ստորոտէն հոսում է հսկայ Եփրատ գետը: Ունի մի ճանապարհ՝ ուրիշ տեղ երթալու (այսինքն՝ Ակնէն դուրս ելլելու համար մէկ ճանապարհ կայ):
Ծայրամասը, լեռներու կողքին, ունի Ապուչեխ, Կամարակապ, Կարուշլա, Արեգի (գիւղաքաղաքները): Ազատուած է 120 անձ, 17-19 տարիքը ունեցող մի քանի տղաներ: Ո՞ւր են Էրզրումի Սանասարեան քոլեճի, Եփրատ քոլեճի, Ակնայ Ներսէսեան վարժարանի շրջանաւարտները…: Միայն Եփրատ քոլեճի շրջանաւարտ մի անձ կար՝ Մաթէոս Տէր Մաթէոսեանը: 1895ին, դաժան սուլթան Համիտի կոտորածը տարածեց (տարածուեցա՞ւ, ընդգրկե՞ց, ցիրուցա՞ն ըրաւ) հայ ժողովուրդին, ու նահատակուեցան երեք հարիւր հազար հայեր: Այն ժամանակ, Ակնայ հարուստները մեծ գումար՝ ոսկի դրամ, վճարեցին Ակնայ կառավարութեան (ու) զերծ մնացին այդ կոտորածէն:
Սուլթան Ապտուլ Համիտը 1896ին, Սեպտեմբեր 1ին, երբ դպրոցի աշակերտները հաւաքուած էին Ներսէսեան վարժարանը, ուսուցչապետ Ազարեան էֆէնտին ալ (ներկայ էր), անակնկալ, կէսօր ժամանակ, համիտական զօրքերը պաշարեցին ամբողջ քաղաքը՝ բոլոր հայկական տուները հրդեհի տալով, այն նպատակով (որ) տուներու մէջ եղողները դուրս ելնեն։ Ազարեան էֆէնտին տեսնալով հրդեհը եւ զէնքերի պայթումը, աշակերտներուն կը յայտարարէ՝ ամէ՛ն տղայ շտապ իրենց տուները: Կոտորածը սկսած ըլլալով, աշակերտներուն մէկ մասը կը սպաննուին ճանապարհներու վրայ, որոնց մէջն էին երկու միջնեկ եղբայրներս՝ Գէորգ եւ Ճիւան: Այդ ահռելի սպանութիւնը կը տեւէ չորս օր: Կը սպաննուին 1800 տղա-մարդ:
Պատմական Ակն, շատ դարեր առաջ, եօթը ամիրաներու հանճարեղ սերունդները ոչնչացան բռնապետութեան ճիրաններուն տակ: Ակն փոքր քաղաք մըն է. հայ ժողովուրդին տուած է հանճարեղ զաւակներ. Մինաս Չերազ, Գազազ Արթին ամիրա Պէզճեան, Գրիգոր Զօհրապ, (ծնողները), Ատոմ Եարճանեան, Արշակ Չօպանեան, ուսուցչապետ Ազարեան…
1919ի վերջերը, Գիւտ եպիսկոպոսը Ամերիկայէն եկաւ Խարբերդ: Ամերիկացի միսիոնարները եկան Թուրքիա, որբերը հաւաքեցին: Մստրնաբը (Mister Nap?) եկաւ Արաբկիր: Եկեղեցին եւ դպրոցներ բացուեցան՝ տղոց եւ աղջկանց բաժին:
Արաբկիրցի հայրենասէր հայերը գործի լծուեցան: Գրիգոր Արսլանեան, Յովհաննէս Գաւորմաճեան, Կարապետ Փալանճեան, Փիլիպոս Նալպանտ Ղազարեան, Աբրահամ Մէսումեան եւ շատ մը հայրենասէրներ, մէ՛կ մարդու նման իրենց ճիգը չխնայեցին: Վարժարանը բացուեցաւ առանց դասատուի, առանց դպրոցական գրքի: Դասատու որոշուեցաւ գտնուած վերապրողներէն՝ Գաբրիէլ Գարայեան, Վահան Սուքիասեան, Մաթէոս Աղաճանեան, Արամ Աբրահամեան, Սարգիս Հացագործեան, ես՝ Խոսրով Խանարեան, տնօրէնը՝ Գարայեանը… օրս օրէ տղոց թիւը աւելնալով՝ 250ի հասաւ, դպրոցական գրքերն ալ կարողացանք ձեռք բերել, եւ կարգերու բաժանելով՝ կատարեալ դասաւանդութիւնը սկսաւ: Գաբրիէլ Գարայեանի շնորհիւ, ամէն անձ եռանդով իրենց ջանքերը բնաւ չխնայեցին: Յառաջդիմութիւնը հսկայական քայլերով կը յառաջանար: Մեծ օգնութիւն կու տար ալեւոր ծերունի Տիգրան էֆէնտի Պոզաճեանը (վերոնշեալ մատեմատիկոսը): Իր թոռնիկները՝ Աշոտը եւ Կոստանը, լաւ սովորում են, թուաբանութեան ամէնէն առաջին աշակերտներն են: 1923ին արդէն դպրոցը ունեցաւ վեցերորդ դասարան:
Որբանոցն ալ կատարեալ դասաւորուած էր: 1922ին, ամերիկացի միսիոնարներու հսկողութեամբ կը փոխադրուէր Պերուտ (Պէյրութ): Նաեւ, հայոց ալ հրաման տրուեցաւ Սուրիա, Հալէպ գաղթելու: Միայն արգիլուած էր զինուորական տարիք ունեցողներուն: Անոնք դրամի ուժով, քիւրտերու առաջնորդութեամբ անցնում էին Հալէպ, գիշերային ճամբորդութեամբ:
***
Տեղեկանք Մը (իր յուշերուն մասին)
Կէս դար շարունակ չի հանդիպեցայ տարագրութենէ ազատուած անհատի մը, որ իմ՝ 1915էն մինչեւ 1923 թուականը հայկական ողբերգութեան մորթիս վրայ քաշած չարչարանքներէն ազատուի, որ վեց անգամ հրաշքով ազատուած եմ մահէս, եւ ես կարողացայ ականատես (ըլլալ) իսկական հայ ժողովուրդի կմախկի պատմութիւնը պատրաստել իր ժամանակին:
Երբ ժամանակը պահանջէ (եւ) լոյս տեսնէ մեր գրչի պատմութիւնը, Խարբերդ նահանգի 1915 թուի հայկական կոտորածէն ազատուած եւ շատ երկիրներ գաղթած 56-57 տարիք ունեցող չափահաս անձեր, որ 1915ի արիւնալի օրերուն իրենց մանկութեան հազիւ կը յիշեն իրենց հօրը դիմագիծը, ապշած պիտի կարդան տասնեակ տարիներ թաքուն, ամայի վայրերու մէջ պահուած իրենց հօրը եւ գերդաստանի պատմութիւնը՝ անունով եւ ազգանունով։
(Հոս դրած է Խարբերդի նահանգի ջարդարարներուն անուանացանկը՝ իրենց պաշտօններով):
***
Ճահիլ Կեանքս՝ Դիակներու Ընկերացած. 1915 Օգոստոս 23
Արձակուած գնդակները վրիպելով անցան: Ես՝ կենդանի դիակ, թաքնուած եմ բոլորտիքս փռուած անթաղ դիակներով: Միայն լուսինն էր (որ) կը ցուցադրէր անմեղ, սահմռկած փշաքաղ դիակներու դիմագիծները: Ամէն կողմ լուռ էր. յուզիչ տեսարան… ամայութիւն, պարապութիւն, սարսափ կը տիրէր: Միայն մեղմ զեփիւռն էր մերթ ընդ մերթ տատանելով՝ մեր շուրջ բերում էր անթաղ դիակներու գարշահոտը: Հարազատներէ զատուած, որոնց դիակները (կը մնան) ամայի վայրերու մէջ՝ առանց գերեզմանի, որպէս կերակուր գիշատիչ թռչուններու եւ վայրի կենդանիներու: Այս ահարկու յուշերը յիշելով՝ սոսկում (եմ) տիրող տեսարանները դիտելով, մահուան դէմ (հետ) բոլորովին հաշտուած, ամէն յոյսերս խորտակուած, ազատելու ամէն միջոց փակուած (էր) իմ ճահիլ կեանքիս: 19 գարուն բոլորած եմ, մեռնիլ չեմ ուզեր, կ՛ուզեմ ապրիլ, ապրիլ այն նպատակով՝ երկար տարիներու ականատես (վկան) ըլլալու, ահարկու, արիւնալի յոյսերու պատմական մը ըլլալու՝ իմ ազնիւ ցեղիս:
***
Բողոք Աստուծոյ
Քե՛զ ենք պաշտում, ո՛վ տիեզերքը ստեղծող Աստուած: Չե՞ս տեսներ այս ահարկու տեսիլքները: Լուռ կեցա՞ծ ես: Անսպասելի միայն ու միայն բաժանած ես հայ ժողովուրդիս… չեմ կարող հանդուրժել: Եթէ դուն իրակա՛ն ես, ցոյց տուր քո հայրական զօրութիւնդ եւ հրաշքներդ: Եթէ ոչ՝ դուն բոլորովի՛ն սուտ ես, եւ մենք՝ բոլորովին խաբուած: Երկինք, լուսին ու աստղեր, դուք վկայ եղիք (եղէք) հայ ժողովուրդի դառն ողբերգութեան:
Ճահիլ Կեանքիս Յուսահատուած Դառն Վիճակի (խօսք)
Դժնաց գիշեր անցաւ ու լոյս արեւուն
Ծագեց կարմիր արեւ Հայաստանի սարերուն,
Դարձեալ մինակ, զուրկ՝ սիրելեաց գրկերէն,
Հեծող բուեր միայն մեզի ընկեր են:
Ով դու անգութ սեւ հողեր,
Իմ սիրելիքս ծոծտ ես (ծոցդ էք) թաղեր:
Զեփիւռներէն երջանիկ մի խնդրեմ լուր,
Այլ անոնք ալ սահին քովէս տխուր, լուռ,
Ծաղկունք թոշմեր, եւ լռեր է ալ սոխակ
Մահ կը հոտի մահ, Հայաստանն աւերակ:
Ով դու անգութ սեւ հողեր,
Իմ սիրելիքս ծոծտ ես թաղեր:
Երկի՛նք, գթա՛, զիս տար իմոց սիրելեաց,
Եւ կամ ցուցուր (ցոյց տուր) իրենց դամբանն սուգասեաց,
Թող հո՛ն, հո՛ն ցամքին արցունք ու արիւնս,
Թող հոն վերջ տամ իմ կեացս սեւ օրերուն:
Ով դու անգութ սեւ հողեր,
Ցուցո՛ւր իմ սիրելեացս դամբաններ:
Թափառական տղայ՝ Խոսրով Խանարեան
***
Անէծք
Հայ ժողովուրդի դարաւոր թշնամուն
Անէ՛ծք, անէ՛ծք, հազա՜ր անէծք թող տեղայ,
Անձրեւի տեղ երկինքէն վար շանթ ու անէ՛ծք տեղայ,
Արեւը յաւէտ ծծումբ դառնայ նման դժոխքի,
Եւ ամէն տան, ամէն անկիւն, ամէն թուրքի երդիքին:
Բուեր լալկան բոյներ դնեն կականելով (բարձրաճիչ) մահագոյժ
Անէ՛ծք, անէ՛ծք, հազա՜ր անէծք թող տեղայ,
Շանթանման ահեղ անէ՛ծքը հայուն անէ՛ծք թող տեղայ,
Հողը թուրքին, արտերը անոր մնան ամուլ ու խոպան:
Վարդերը եղիճ բուսնին, ցորենի տեղ՝ փուշ, տատասկ,
Տունը աւերակ ըլլայ անոր, մարի՛ օճախը յաւէտ,
Մեռելները իր անթաղ մնան, հողակոյտ մ՛իսկ չունենան,
Եւ ագռաւներ, բորիներ գան, ատոնցմով յագենան:
(ԾԱՆՕԹ.- Հարազատութեան համար, կը պահպանուի յուշագրութեան ոճը-Խմբ.)
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Մեր 1.5 Միլիոն Անմեղ Նահատակներու Յիշատակին
Յարութ, Լենա եւ Ալեք Սողոմոնեաններ
Մատլէն Մարտիրոսեան
ARAX SARIAN
San Francisco
Sarkis Pastry
1111 S. Glendale Ave., Glendale, CA
818-956-6636
1776 E. Washington Blvd., Pasadena, CA
626-398-3999
2424 Ball Rd., Anaheim, CA
714-995-6663