Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Այնքան ճիշդ է որ, մեծ վտանգներու դիմաց, փրկութիւնը միայն մեծութեան մէջ է*:
Շարլ տը Կոլ
Տասնամեակներէ ի վեր կը հետապնդենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Լաւ է:
Հայրենահանուած հայ գաղթականներու քաղաքականութեան կիզակէտ դարձաւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, տարազ՝ որուն շուրջ կարելի էր համախոհութիւն ստեղծել:
Հազուադէպօրէն յիշեցում եղաւ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի մասին: Պաղ պատերազմի քաղաքական պայմաններուն մէջ, ոչ Արեւմուտքը եւ ոչ ալ Խորհրդային Միութիւնը կրնային լսել սահմաններու վերանայման մասին:
Պաղ պատերազմի թէժ գիծը Հայաստանով կ՛անցնէր:
Իրերու այս կացութեան մէջ, փակագիծի մէջ դրուեցան «հողային պահանջ»ը եւ անոր օրինական հիմք հանդիսացող Սեւրի դաշնագիրը: Բաց դուռը էր ցեղասպանութեան ճանաչումը, ուրկէ արշաւեցինք եւ կը շարունակենք նոյն թափով, մեր ժողովուրդի ապրած մեծ ողբերգութիւնը բանտարկեցինք ցաւի, զոհի եւ յուշի պատկերներու եւ օրէնքներու ուսումնասիրութեան աղմուկի մէջ:
Ըսինք «սգատօն» եւ «ոգեկոչում», որոնք անհանգստացնող բնոյթ չունէին, ոչ մեզի համար եւ ոչ ալ լսողներուն:
Համախոհութեամբ, ոչ մենք մեզի եւ ոչ ալ քաղաքական շրջանակներու հետ խօսեցանք գործուած ոճիրի իսկական ՊԱՏՃԱՌին մասին:
Այսօր, ինչպէս կը սիրենք գործածել բառը, վերստին «քաղաքականացնել»ու համար Հայկական Հարցը, իր պատմաքաղաքական իմաստը տալու համար գործուած ցեղասպանութեան, եւ զայն այժմէականացնելու եւ ոտքերուն վրայ կանգնեցնելու համար, պէտք է խօսիլ մեզ եւ լսողները անհանգստացնող ՊԱՏՃԱՌին մասին, որ նախաձեռնութիւններու մեկնակէտը պէտք է ըլլայ:
Ցեղասպանութեան ՊԱՏՃԱՌը աւելի դիւրըմբռնելի կ՛ըլլայ, եթէ հայեցակէտ փոխենք եւ խօսինք ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՄԱՆ մասին: Թուրք քաղաքական մտածողութիւնը հետեւողական էր: Պալքանեան ժողովուրդներու անկախացումէն ետք, Արեւմտահայաստանի ինքնավարութիւն կամ անկախութիւն մղձաւանջ էին, անդամահատման սարսափ: Ինչպէս միշտ, հայերը երկրորդ դասակարգի օսմանցի (տիմմի, dhimmi) կրնային ապրիլ, արտադրել, ապրեցնել, զանգուածային ջարդի հարցեր չկային, կային աւազակութիւններ, կողոպուտ:
Երբ հայ ժողովուրդը, ԺԹ. դարու ազգային զարթօնքներու ընդհանուր մթնոլորտին մէջ մտածեց ինքնավարութեան, անկախութեան եւ սեփական հայրենիքի մասին, Թուրքիան այդ համարեց կենաց-մահու խնդիր:
Ցեղասպանութեան նպատակը հողի տիրացումն էր, այդ հողէն հեռացնելու համար անջատման վտանգը:
Հետեւաբար ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար: «Ճանաչում»ները այս յիշեցումը չեն ըներ: Թէեւ մենք ալ չենք պահանջեր:
Ես ինծի յաճախ հարց կու տամ, թէ պարտուածի եւ ստրկացածի տրամաբանութիւն չէ՞ Ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ ստեղծուած եւ շարունակուող աղմուկը, որ կը նմանի ծառին՝ որ կը ծածկէ անտառը: Արդարեւ, հայրենահանումը յոռեգոյն ոճիրն է ազգին համար,- ցեղասպանութիւնը բիրտ եւ տեսանելի մասն էր այդ ոճիրին,- քանի որ հայրենահանուածները եւ անոնց ժառանգները կը գտնուին որպէս ազգ տեւելու անկարելիութեան առջեւ, նոյնիսկ եթէ այսօր տոկալու ճիգեր կան, բայց մինչեւ ե՞րբ: Այդ ճիգերը մեզ պէտք չէ հեռացնեն իրատեսութենէ: Տարին քանի մը անգամ մեզ յուզող հրավառութիւնները կը վկայեն տոկալու մասին, բայց տրամաբանութիւն եւ իրատեսութիւն տարբեր բաներ կը յուշեն, երբ մեր հայեացքը կը սեւեռենք հետզհետէ բազմացող «ծագումով հայ»երու անորոշ զանգուածին վրայ: Աստ կամ անդ կը թափահարենք մեզի ճանաչում շնորհող «էթնիք կրուփ»ի ստորոգելիով ինքնութիւն պահելու անվաղորդայն ուրախութեամբ:
Այլ խօսքով, անցնող հարիւր տարուան ընթացքին ղեկավարուեցանք որպէս համայնք ընդունելի ըլլալու եւ յաջողելու գործնապաշտութեամբ, որ իր կարգին «ցեղասպանութեան ճանաչում»ը միջոց դարձուց զոհի պատկեր մշակելու, համակրանք շահելու: Այսինքն, «Մեծ Աղէտ»ի յաւերժացած սուգը դարձաւ քաղաքականութիւն, հետզհետէ աւելի պատշաճող եւ համարկուող անհատները եւ զանգուածները հեռացան իսկական ազգային քաղաքականութենէն՝ որուն առանցքին պէտք է գտնուէր հայրենահանում-հայրենազրկումը:
Յաճախ կը մտահոգուիմ այն կացութեամբ, որ կրնայ ստեղծուիլ, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը, Ներկայացուցիչներու Տունը եւ Ծերակոյտը միաձայնութեամբ յայտարարեն, թէ հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուած են, ինչպէս ուրիշներ ըրին, առանց ոճիրի վայրի հասցէ եւ հեղինակ ճշդելու: Նոյնը եթէ ընէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը եւ նոյնիսկ Թուրքիան՝ որ հանրապետութիւն է եւ կ՛ըսէ, ուրիշներ ալ կը կրկնեն, որ դէպքերու օրերու կայսրութիւնը չէ: Ի՞նչ պիտի ընենք դիմագրաւելու համար ստեղծուած կացութիւնը: Բարիկամեցողութեան տէր անհատներ եւ պետութիւններ իրենց խիղճի պարտքը տուած պիտի ըլլան: Իսկ եթէ յանկարծ մենք նոր կարգախօսով մը հրապարակ գանք, պիտի զարմանան եւ պիտի չհետեւին նոր պահանջներու:
Պիտի չհետեւին, քանի որ հայոց հայրենահանման քաղաքական խնդիրը ցեղասպանութեան ճանաչման ստուերին մնացած է: Ոչ միայն «բարեկամ» օտարները պիտի չհետեւին, այլ նաեւ հայ հանրային կարծիքի գէթ մէկ մասը ինքզինք բաւարարուած պիտի զգայ, իրապաշտութեամբ «ճանաչում»էն այլ բան պիտի չհետապնդէ:
Այդ «իրապաշտութիւն»ը կ՛արտայայտուի զանազան ձեւերով: Պէտք է հաշտուիլ կացութեան հետ՝ քանի որ զինու զօրութեամբ բռնագրաւուած հողերը կարելի չէ վերադարձնել, ըսողներ եղած են, եւ կան, որ եթէ «այդ հողերը տրուին անգամ հոն գացող չ՛ըլլար», մինչդեռ իրաւ քաղաքական ըմբռնումը պիտի ըսէր, որ հողերը չեն վերադարձուիր անհատներուն, այլ՝ ազգին:
Այս խարխափումներէն անդին կայ հիմնական խնդիրը, որ հայրենահանման հակադրուելիք հայրենատիրութիւնն է:
Ինչպէ՞ս հասկնալ եւ ապրիլ հայրենատիրութիւնը:
Հաւանօրէն յաճախ պէտք է կրկնել, որ հայրենատիրութիւնը բարեսիրութենէ, հայասիրութենէ, «զգացումով հայէ» եւ «հայրենասիրական զբօսաշրջութենէ» տարբեր որակ է, որ կ՛ենթադրէ ինքնութիւն, մշակոյթ, մասնակցութեան առաջնորդող տիրոջ յանձնառութիւն: Այս արժեչափերով անհրաժեշտ է գնահատել մեր ներկայութիւնը ազգին մէջ:
Յստակութեամբ պէտք է խօսիլ, որ հայրենիքը ապրելու համար ազգի անդամներու անսեթեւեթ ներկայութեան պէտք ունի, ներկայութեամբ հայրենիք կը պահուի: Հայրենալքումով հայրենիք չի պահուիր: Բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրութիւնը սպասումով չ՛իրականանար, այլ եղածի տիրութեամբ, որ հայրենադարձութեան յանձնառութիւնն է:
Հայրենադարձութիւնը գաղափարախօսութիւն է, որ իմաստ կու տայ բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրութեան պահանջին, ան փաստն է որ ազատագրուելիք հողերուն տիրութիւն ընող ժողովուրդ կայ, պիտի ըլլայ:
Այդ գաղափարախօսութիւնը ամբողջ մըն է, որ կը մերժէ ամէն կարգի նահանջները. հայրենալքումը, օտարախօսութիւնը, օտարագրութիւնը: Ապագան կերտելու համար նահանջներու, զանոնք առաջնորդողներու եւ ընդունողներու անշեղ քննադատութիւնը պէտք է ընել: Եթէ մեր ժողովուրդին ներշնչած ըլլայինք հայրենատիրութեան գիտակցութիւն եւ վերադարձի անկոտրում յոյս, չէինք հետեւիր պատշաճեցումներու աւերիչ հոսանքին, մեր զանազան քաղաքացիութիւնները առաջնահերթ չէին դառնար, հայերէնը կը պահպանուէր, հայերէն գիրքը եւ թերթը կը պահպանուէին, օտարալեզու գիրքերը եւ թերթերը օտարին մօտ քարոզչութեան կը ծառայէին, եւ անոնց հասցէն հայն ու հայու տունը չէին ըլլար:
Այսօր սփիւռք(ներ)ի հայը պէտք է հրապարակ գայ «հայրենատիրութեամբ», որ մերժումն է հայրենահանման: Հայրենաբնակի կողքին կանգնելով սահմանին վրայ, մասնակցելով երկրի տնտեսական, քաղաքական, մշակութային կեանքին: Հայրենի պետութիւնը իր կարգին այս ուղղութեամբ քաղաքականութիւն պէտք է մշակէ:
Սփիւռք(ներ)ը միայն ժամանակաւոր երեւոյթ կրնայ ըլլալ եւ ոչ յաւերժական: Անկասկած զայն պէտք է պահել իր հարազատութեամբ, առանց դեդեւումներու, միշտ վառ պահելով այն գիտակցութիւնը, որ այդ կ՛ըլլայ վերադարձի համար:
Ազգի ղեկավարութիւնները պիտի կարենա՞ն ներշնչել եւ առաջնորդել հայրենատիրութիւն-հայրենադարձութիւն հզօր գաղափարախօսութիւնը, որպէսզի ցեաղասպանութիւն-հայրենահանում աղէտին հակադարձենք տոկալու եւ տեւելու կամքով:
Ղեկավարութիւններու,- Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի,- լրջութիւնը եւ յաջողութիւնը հարկ է գնահատել այս ըմբռնումով, դատել թիւերու լեզուով:
Այսօրուան հայրենատիրութիւն-հայրենադարձութիւնը գրաւականն է վաղուան օտարի լուծէն ազատագրուած Հայաստանի իրաւ տիրութեան:
Չգոհանալով մարդորսական եւ պաշաճեցումները ոռոգող ճապկումներու չարչարուած բառերու փողով ու թմբուկով:
Ըսել՝ հայրենահանման 100+2 տարի եւ հետեւցնել քաղաքական պայքարի նոր ռազմավարութիւն, սգատօնէ, ոգեկոչումէ եւ ճանաչումներէ տարբեր ուղղութեամբ առաջնորդելու համար ազգ եւ հայրենիք:
14 մարտ 2017
Նուազի-լը-Կրան
* Tant il est vrai que, face aux grands perils, le salut nest que dans la grandeur.
Charles de Gaulle, Memoires de guerre, tome I, lAppel, 1954
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Կը յարգենք Հայոց Ցեղասպանութեան
մէկուկէս միլիոն սրբադասուած
նահատակներուն յիշատակը
եւ կը խոնարհինք անոնց տառապած
հոգիներուն առջեւ:
Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ մարդկութիւնը այսուհետեւ բնաւ չտեսնէ այսպիսի անմարդկային յանցագործութեան կրկնութիւնը:
Պահանջատէր ենք մեր ժողովուրդի
իրաւունքներուն եւ պատրաստ՝
այդ իրաւունքներու ձեռքբերման համար
ամբողջական յանձնառութեամբ աշխատելու:
Մանաս Եւ Տանըլի Պուճիքեաններ
եւ Ընտանիք
Սքանչելի, յայտնագործ վերլուծում։