ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամները Ապրիլ 17ին նշած են Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ ամեակը: «Կը նշենք Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը, որպէսզի յարգենք սպաննուած 1.5 միլիոն հայերու յիշատակը եւ շեշտենք հայերուն աւանդը՝ Քալիֆորնիոյ բարգաւաճման մէջ», նշած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներէն Ատրին Նազարեան եւ աւելցուցած, թէ ճանաչման եւ կրթական ջանքերու շնորհիւ՝ ցեղասպանութիւններու կրկնումը կարելի է կանխել:
«Ամերիկահայերը ոչ միայն վերապրած են, այլ հարստացուցած են մեր համայնքները: Ցեղասպանութիւնը իսկական մարդկանց իսկական պատմութիւնն է: Ինծի համար, Ցեղասպանութիւնը կնոջս՝ Վանեսային, եւ անոր ընտանիքին պատմութիւնն է։ Յիշելով Ցեղասպանութեան սարսափները՝ մենք քայլեր կ՛առնենք, որպէսզի անիկա երբե՛ք չկրկնուի», իր կարգին ըսած է Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Սքաթ Ուիլք։