ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «ՓանԱրմինիըն».- Ախալքալաքի շրջանային ժողովի արտահերթ նիստը, որ պէտք է քննարկէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին յայտարարութիւնը, մեծամասնութեան բացակայութեան պատճառով չէ կայացած:
Ախալքալաքի քաղաքային ժողովի պատգամաւորներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առաջարկ ներկայացուցած է Սամցխէ-æավախքի եւ Քուեմօ Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը:
Կազմակերպութեան անդամներէն Նորիկ Կարապետեան յայտնած է, որ պատգամաւորներու վրայ ճնշում գործադրուած է:
Ախալքալաքի շրջանային ժողովը կազմուած է 37 անդամներէ, որոնցմէ 32ը ազգութեամբ հայ են: Շրջանային ժողովի նիստի կայացման եւ որեւէ հարց օրակարգ մտցնելու համար անհրաժեշտ է Ժողովի 1/3րդի կամ 13 պատգամաւորի մասնակցութիւն:
«Շրջանային ժողովի նախագահը իր կազմով՝ տեղակալի հետ ճնշումներ գործադրեց պատգամաւորների վրայ, ինչի հետեւանքով 13 պատգամաւորից 3ը՝ Պարգեւ Իւրդանեան, Արմէն Բոլոթեան եւ Գրիգոր Ծորմուտեան հրաժարուեցին: Որոշ պատգամաւորներ էլ ասում են՝ դա մեզ պէտք չէ, ճիշդ ժամանակ չէ, սա ինչ-որ խաղ է եւ այլն», յայտնած է Կարապետեան:
Ըստ Ախալքալաքի շրջանային ժողովի նախագահ Համլէտ Մովսիսեանի՝ ստորագրութիւնը չեղարկած պատգամաւորները ծանօթ չեն եղած յայտարարութեան բնագիրին: Մովսիսեան կը յայտնէ, թէ ինք չէ ստորագրած յայտարարութեան տակ, քանի որ «երբ որ դիմումը ուղղուած է շրջանային ժողովի նախագահին, նա չի ստորագրում»:
Ստորագրութիւնը չեղարկած պատգամաւորներէն մէկը՝ Գրիգոր Ծորմուտեան, մեկնաբանելով տեղի ունեցածը՝ ըսած է. «Ես որպէս հայ, ստորագրել եմ, սակայն տեսնելով, որ գործընթացում շարունակութիւն չկայ, ընդհանուր որոշում չկայ, մտածելով նաեւ, որ այն առաջ չի գնայ, ճիշդ համարեցի առայժմ յետ վերցնել ստորագրութիւնս՝ մինչեւ ընդհանուր ժողովի նոր եզրայանգում»: