ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 2016ի Ապրիլեան պատերազմէն ետք Հայաստանի բանակը իր զինանոցը համալրած է «Վերբա» դիւրակիր զենիթային համալիրներով:
Հայաստանի Զինուած Ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) զօրքերու հրամանատարի տեղակալ գնդապետ Արթուր Պօղոսեան Պաշտպանութեան նախարարութեան «Հայ զինուոր» պաշտօնաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է. «Ապրիլեան գործողութիւններից յետոյ, ի հարկէ, համապատասխան հետեւութիւններ են արուել: Կտրուկ քայլեր են ձեռնարկուել վերազինման գործընթացը արագացնելու եւ յատկապէս առաջնագծի զօրամասերի ՀՕՊ համակարգերը ժամանակակից միջոցներով համալրելու ուղղութեամբ: Ձեռք են բերուել բաւականին խոշոր խմբաքանակի «Իգլա-Ս» եւ «Վերբա» դիւրակիր զենիթահրթիռային համալիրներ, որոնք արդէն ներգրաւուած են մարտական հերթապահութիւնում»:
«Իգլա-Ս»ն ու «Վերբան» ռուսական արտադրութեան դիւրակիր զենիթային համալիրներ են: Հայկական բանակը այս ձեւով արդիականացուցած է իր զինանոցին մէջ ունեցած «Իգլա»ները:
«Իգլա-Ս» գնելու մասին յայտնի դարձած էր 2016ի Փետրուարին, իսկ «Վերբա»ներու գնման մասին վերջերս միայն կը յայտարարուի:
«Իգլա-Ս»ի ու «Վերբա»ի հեռահարութիւնը 0.5-6 քիլոմեթր է՝ 10-3500 մեթր բարձրութեամբ թռչող թիրախներու համար: