ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան «Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններու ուղեւորներու հոսքը 2017ի Յունուար-Մարտ ամիսներուն կազմած է 480,198 մարդ, որ 23.6 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշը:
2016ի Մարտ ամսուան հետ համեմատած՝ 2017ի երրորդ ամսուն երկու օդակայաններու ուղեւորներու հոսքը աճած է 27.3 տոկոսով: 2017ի Մարտ ամսուն, «Զուարթնոց» օդակայանի ուղեւորներու հոսքը կազմած է 165,512 մարդ, իսկ «Շիրակ» օդակայանինը՝ 5058 մարդ: