ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Հինգշաբթի, Մարտ 30ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտարարած է, թէ ցարդ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի Մոսկուայի մէջ կայանալիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մասին՝ պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ի՞նչ տեղեկութիւններ ունի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտի կողմէ Երեւանի մէջ Մարտ 27ին կատարուած այն յայտարարութեան մասին, ըստ որուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները մօտիկ ապագային պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ, նախագահներու հանդիպում մը նախապատրաստելու համար:
Իր կարգին, «Թեր»չ լրատուական կայքը կը գրէ, թէ Զախարովա նշած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը կը պատրաստէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ Ռուսիոյ դիրքորոշման մասին։
«Պիտի ներկայացնեմ մեր ընդարձակ դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի գնահատականին վերաբերեալ, որպէսզի այժմ չսահմանափակուիմ երկու-երեք ընդհանուր հաստատումներով: Ես կը պատրաստեմ ընդգրկուն նիւթ մը՝ այս հարցին վերաբերեալ մեր բոլոր գնահատականներուն մասին, եւ զայն պիտի ներկայացնեմ մօտիկ ապագային», ըսած է Զախարովա՝ պատասխանելով նախորդ տարուան Ապրիլեան դէպքերու տարեդարձին առիթով՝ անցած տարուան ընթացքին այս հարցի կարգաւորման քայլերուն վերաբերեալ Ռուսիոյ գնահատականին մասին հարցումի մը: