ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը Երեքշաբթի, Մարտ 28ին միաձայնութեամբ վաւերացուց վերահսկիչներ Քեթրին Պարկըրի եւ Ճոնիս Հանի կողմէ առաջադրուած այն առաջարկը, որ Ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» կը հռչակէ գաւառին տարածքին։
Պարկըր կը յայտնէ, թէ խորհուրդը իր այս որոշումով կ՛ուզէ լուսարձակի տակ առնել հայ համայնքին ունեցած բարենպաստ ներդրումները Լոս Անճելըս գաւառի տնտեսութեան եւ մշակոյթի մարզին մէջ։
Պարկըր կ՛աւելցնէ, թէ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը որոշած է Ապրիլ ամսուան իւրաքանչիւր Երեքշաբթի օրուան ընթացքին հայ քաղաքացի մը մեծարել, իսկ Ապրիլ 18ը «Յիշատակի Օր» պիտի հռչակուի, ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը։