ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մարտ 24ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտի այցելութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը կը հաղորդէ, թէ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան «ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին յառաջ մղման նպատակով՝ համապատասխան պայմաններու ապահովման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը»: