ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան հերթական նիստին ընթացքին, նախքան օրակարգի հարցերու քննարկամ սկսիլը, վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայատարրած է, որ վերջերս կառավարութիւնը առաջարկ ստացած է միջազգային ճանաչում ունեցող բեմադրիչ Տէյվիտ Մաքքենզիէն Հայաստանի մէջ շարժապատկերի եւ հեռատեսիլի դպրոց հիմնելու վերաբերեալ: Ըստ այդ առաջարկութեան, դպրոցը հանդէս պիտի գայ իբրեւ Լոս Անճելըսի համապատասխան դպրոցի գործընկեր: Այս ծրագրի իրականացման համար կը նախատեսուի մինչեւ 5 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել:
Մշակոյթի նախարարին յանձնարարուած է մինչեւ երկու շաբաթ ուսումնասիրել այդ առաջարկութիւնը եւ պատասխանել Մակքենզիին, զայն հրաւիրել Հայաստան՝ բանակցելու նպատակով: