ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի Խօսքը՝ Ֆրեզնոյի Վերանորոգուած Կեդրոնի Բացման Առթիւ
Ահաւասի՛կ մեր սիրելի ու վիթխարի՛ Ֆրեզնոն կ՛օժտուի իր հին-նոր կառոյցով: Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեաններու նուիրատուութեամբ վերանորոգուած Հայ մշակութային կեդրոնը այսօր իրականութիւն է բոլորիս աչքին առջեւ:
Մեր այս ակումբները, կեդրոնները, ժողովրդային տուները, Սփիւռքի մեր հարիւրամեայ պատմութեան մէջ, իսկ Ֆրեզնոյի պարագային աւելի քան հարիւրամեայ իր կեանքին մէջ եղան այն դարբնոցներն ու վայրերը, ուր մենք կերտեցինք ապագայ սերունդը, եւ հաղորդակցեցանք երիտասարդութեան եւ պատանեկութեան հետ: Աւելի՛ն, անոնց մէջ, հայրենիքէն հեռու բայց մի՛շտ հայրենիք երազելով եւ պատկերացնելով քաղաքականացանք, յեղափոխականացանք ու ցուցական պայքարի սերմերը ցանեցինք: Չբաւարարուելով, անոնց մէջ մեր մշակոյթը, մարմնամարզը եւ գաղութային օգնութիւնը կազմակերպեցինք: Իսկ խորհրդային օրերուն թէ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութենէն ետք, մեր ներուժն ու կարողականութիւնը համադրեցինք եւ Հայաստանի ու Արցախի ֆիզիքական, նիւթական ու քաղաքական կարիքներուն ծառայեցուցինք: Իսկ հարկ եղած պարագային, այբուբենն ու հայ գիրը հայ մանուկին ծանօթացուցինք եւ երգ ու պար զարգացուցինք: Եւ վերջապէս, Հայ Դա՛տն ու Ցեղասպանութեան ճանաչումը անոնց չորս պատերէն ներս վերածեցինք մեր նպատակին ու տեսլականին եւ անդուլ պայքարի մնայուն գործունէութեան եւ առանցքին:
Ահաւասի՛կ սիրելիներ, սփիւռքահայ կեդրոնի, Դաշնակցական ակումբի հակիրճ կենսագրականը: Եւ որովհետեւ Դաշնակցական ակումբը, այսինքն՝ Դաշնակցական տունը ունէր եւ ունի ոգեղէն, հոգեկան, ազգային եւ բարոյական այս բոլոր արժանիքները, ա՛յդ իսկ պատճառով է որ անիկա մի՛շտ արժանացաւ մեր բոլորի մնայուն գնահատանքին եւ գուրգուրանքին: Մենք անոր դրան ու պատուհանին ու ժողովասենեակին աւելի գուրգուրացինք քան մեզմէ իւրաքանչիւրի տան մէջ զետեղուած դուռն ու պատուհանը: Մեզի մտահոգեց ու պարուրեց անոր իւրաքանչիւր քառակուսի ոտքը իբրեւ ազգային տարածք:
Եւ ո՞վ պիտի ընդունէր, որ իր տունը, իր ակումբը չ՛ըլլար գրաւիչ, չ՛ըլլար երիտասարդութիւնը հրապուրող, ու չ՛ըլլար այժմէական սարքերով օժտուած տարածք: Եւ ահա՛ այդ իսկ պատճառով էր որ մեզի շատ սիրելի եւ բոլորիս քաջածանօթ Կիւրեղեան ամոլը երկարեց իր բարեբեր ձեռքը, Հայ Սփիւռքի քսաներորդ դարու նախակարապետ Ֆրեզնոյի սիրտին մէջ իսկ գտնուող, եւ քանի մը տասնամեակ կեանք ունեցող մեր այս կեդրոնը վերանորոգելու նպատակով: Եւ ի՛նչ վեհ նպատակ:
Այս ազգանուէր նիւթական ներդրումը, այս investnent-ը մեզ յաւելեալ պիտի խթանէ, մեզ պիտի պարտաւորեցնէ այս կեդրոնէն ներս կրկնապէս հայանալու, աւելի քաղաքականանալու, մեր աւանդին ու ազգային արժէքներուն եւ մշակոյթին խորապէս կառչելու, ապագայի սերունդները պատրաստելու եւ հանգիստ բայց տառապեալ սիրտով ջահը յանձնելու նորանոր հասնողներուն:
Պա՛տն ու առաստաղը կը մնան պատ ու առաստաղ: Բայց անոր լիցք ու իմաստ տուող աշխատանքը նո՛ր թափ պիտի առնեն ու բարգաւաճին այս նորոգուած շէնքին մէջ:
Այս առթիւ, սիրելիներ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին անունով վարձքը կատար կ՛ըսենք Կիւրեղեան ամոլին եւ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք մօտէն թէ հեռուէն, գործով թէ բարոյական օժանդակութեամբ նպաստեցին, հետեւեցան ու սատարեցին այս նոր կառոյցի իրագործման:
Այս շէնքը եւ անոր վերանորոգումը սեպեցէ՛ք մէկ փոքր, բայց կարեւոր օղակը մեր ազգային իղձերու իրականացման ճամբուն վրայ:
Կեցցէ՛ք: Ապրիս դուն ֆրէզնոյաբնակ ազգանուէր հայ ժողովուրդ: Կեցցէ՛ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք միասնութիւն կազմած հայ բռունցքը: Յաջողութիւն ձեր եւ մեր գործի՛ն, որպէսզի միասնաբար շարունակենք կերտել Դաշնակցութեան առաջադրած Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը: