ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խումբ մը քաղաքացիներ, որոնք դիւանագիտական անցագիրներ ունին, քաղաքական ապաստան խնդրած են Զուիցերիայէն։ «Հապերլեր» լրատուական կայքը կը նշէ, որ ապաստան խնդրողներուն մէջ կան Պերլինի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպանի պաշտօնակատար Վոլքան Գարակէօզ։ Ան խնդրած է, որ իր ընտանիքին նոյնպէս ապաստան տրամադրուի։
Լրատուական աղբիւրը մանրամասնութիւններ չի հաղորդեր այն մասին, թէ այդ մարդիկ ի՞նչ պատճառով է որ ապաստան կը խնդրեն, սակայն կը նշուի, թէ Յուլիս 15ի զինուորական հարուածի փորձէն ետք, Գարակէօզ հեռացուած է իր պաշտօնէն։ Ան կը մեղադրուի Կիւլենի շարժումին հետ կապեր ունենալու յանցանքով։