ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցին առիթով, Փարիզի փողոցներէն մէկը պիտի վերանուանուի յայտնի հայ գրող, իգական սեռի իրաւունքներու ջատագով Զապէլ Եսայեանի անունով: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ, հիւրընկալելով Հայաստանի նախագահը՝ յայտարարեց Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ:
«Զապէլ Եսայեան եղած է հայ ժողովուրդի բոլոր տառապանքներու կիզակէտին: Փարիզին մէջ մենք կը պահպանենք հայ ժողովուրդի կրած բոլոր երկիւղներու, ինչպէս նաեւ ըմբոստութիւններու, պայքարներու յիշողութիւնը, բայց նոյն ժամանակ կը բանանք հնարաւորի ճանապարհները, որոնք, ինչպէս կը կատարուի Երեւանի մէջ, կ՛արտայայտեն յոյսը, յայտնագործութիւններն ու նախաձեռնութիւնները», յայտնեց Փարիզի քաղաքապետը:
Ըստ Անն Իտալկոյի՝ Փարիզը եւ Երեւանը, Ֆրանսան եւ Հայաստանը շատ բան ունին իրարու տալու եւ ստանալու՝ փոխադարձաբար, որ կը բնորոշէ մեծ բարեկամութիւն: Իտալկօ շեշտեց նաեւ, որ Փարիզը համերաշխ է Արեւելքի քրիստոնեաներուն հետ, անոնց տառապանքներուն ուղեկիցն է՝ մասնաւորապէս, Սուրիայէն եւ Իրաքէն փախստականներուն: «Այդ համերաշխութիւնը շատ յստակ է: Փարիզի մէջ եւս ընդունելով փախստականները՝ մենք կը ստեղծենք կամուրջներ, որոնք յաճախ փոքր են, փխրուն, բայց նոյն ժամանակ կը միանցնեն մեզ: Ժամանակին Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայերը նոյնպէս անցած են այդ փոքրիկ կամուրջներով: Փարիզը անոնց շնորհակալ է այն մեծ մշակութային, մտաւոր, հոգեւոր մեծ հարստութեան համար, զորս հայերը բերին Ֆրանսա, ինչպէս եւ հայերը երախտապարտ են Ֆրանսային՝ իրենց ապագան վերակերտելու հնարաւորութեան համար», ընդգծեց Փարիզի քաղաքապետը: