ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ քանի մը օրերուն, Արցախի ժողովուրդը պատմական նոր յաղթանակ մը արձանագրեց՝ միջազգային դիտորդական առաքելութեանց հսկող աչքերուն առջեւ:
Իբրեւ Սահմանադրական փոփոխութեանց այս տարբերակին հակադրուած կուսակցութեան մը մամլոյ ընտանիքի անդամ՝ չենք կրնար չարձանագրել, որ հանրաքուէն ինքնի՛ն, իր ժողովրդավարական սկզբունքներու բծախնդիր կիրառումով, միջազգային դիտորդական բազմաթիւ առաքելութեանց ներկայութեամբ, պատմակա՛ն յաղթանակ մը ապահովեց Արցախին:
Միայն թուարկումը այն բազմաթիւ երկիրներուն, ուրկէ պետական եւ հասարակական գործիչներ, անտեսելով Ատրպէյճանի սպառնալիքները, անտեսելով այդ երկրի «Սեւ Ցանկ»ին վրայ յայտնուելու վտանգը՝ գացին Արցախ ու իրենց վկայութեամբ հաստատեցին Սահմանադրական հանրաքուէին օրինականութիւնն ու ամբողջ գործընթացին բարձր մակարդակը, միջազգային դիւանագիտական յաղթանակի փայլուն ապացոյց մըն է:
Արդարեւ, Արցախի հանրաքուէի դիտորդական առաքելութեամբ, Ստեփանակերտ գացին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Արժանթինէն, Ուրուկուէյէն, Պասքերու երկրէն, Ռուսիոյ Դաշնակցութենէն, Աբխազիայէն, Պուլկարիայէն, Պելճիքայէն, Մեքսիքայէն, Պրազիլէն, Եւրոպայի խորհրդարանէն ու այլ երկիրներէ, անշուշտ նաեւ՝ Հայաստանէն ներկայացուցիչներ: Ստեփանակերտը անկախ պետութիւններու միջազգային ընտանիքի լիարժէք անդամի մը մայրաքաղաքը ըլլալու յատկանիշը պանծացուց այս օրերուն:
Իրաւա՛մբ մեծ յաղթանակ մըն էր այս, որուն իրենց ներդրումը ունեցան Սփիւռքի Դաշնակցական կառոյցներն ու Հայ Դատի յանձնախումբերը, որոնց քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներուն կիզակէտը կը հանդիսանայ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ապահովումը:
Այս առթիւ, Ստորեւ, կը ներկայացնենք Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը.
2017թ. Փետրուարի 20ին, Արցախի Հանրապետութիւնում (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնում) կայացել է հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան նախագծի վերաբերեալ համաժողովրդական հանրաքուէ: Քուէարկութեանը մասնակցել է գրանցուած ընտրողների 76.44%ը, որից 87.6%ը կողմ է քուէարկել նոր Սահմանադրութեան ընդունմանը: Քուէարկութեան ընթացքին հետեւում էին աւելի քան 100 միջազգային դիտորդներ՝ 30 երկրներից, ովքեր դրական են գնահատել հանրաքուէի կազմակերպումն ու անցկացումը՝ ընդգծելով ընտրութիւնների թափանցիկութիւնը եւ համապատասխանութիւնը միջազգային չափանիշներին:
Նոր Սահմանադրութիւնը կոչուած է շարունակելու առաջին Սահմանադրութեամբ ամրագրուած պետականաշինութեան աւանդոյթները, նպաստելու երկրի ինքնիշխանութեան հետագայ ամրապնդմանը, մարդու իրաւունքների եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովմանը, պետական կառավարման համակարգի կատարելագործմանը, անկախ դատական իշխանութեան արմատաւորմանը եւ տեղական ինքնակառավարման համակարգի բարեփոխմանը: Կարեւոր նորամուծութիւններից է օրէնսդրական նախաձեռնութեան իրաւունքի տրամադրման միջոցով՝ հանրապետութեան քաղաքացիների ուղղակի մասնակցութեան ընդլայնումը պետական գործերի կառավարմանը, այդ թւում՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեանը:
Փետրուարի 20ի հանրաքուէն դարձաւ կամարտայայտութեան հերթական ակտ՝ Արցախի ժողովրդի համար, որն իրացնում է միջազգային հիմնարար փաստաթղթերում ամրագրուած անկապտելի իրաւունքը՝ ինքնուրոյն որոշելու իր ապագան:
Բոլոր միջոցներով, այդ թւում՝ ռազմական ճանապարհով, Արցախի ժողովրդի տուեալ անկապտելի իրաւունքը ճնշելու Բաքուի ձգտումը յանգեցրել է ռազմական հակամարտութեան, եւ առ այսօր մնում է տարածաշրջանում լարուածութեան պահպանման հիմնական աղբիւրը ու ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացում առաջընթացի բացակայութեան պատճառը:
Արցախի պետականութեան ժողովրդավարական զարգացումն անշրջելի գործընթաց է: Ադրբեջանի կողմից այդ փաստի անտեսումը, որն արտայայտւում է Արցախի ժողովրդի կողմից իրացուած ինքնորոշման իրաւունքի ժխտման մէջ, դէպի անցեալ վերադառնալու ձախողման դատապարտուած փորձ է: (Նկարները կը ներկայացնեն միջազգային դիտորդական առաքելութեան Արցախ ժամանած տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւնները):
Հետաքրքիր է արձանագրել, որ այդ դիտորդներու երկիրները, մանաւանդ Մինսկի խմբակի երկիրները, Արցախի հանրապետութեան հանրաքուէ մը կամ ընտրութիւն մը դիտարկելու ներկայացուցիչներ կը գործուղեն (նուազագոյնը կ’արտօնեն) առանց պաշտօնապէս ճանչնալու զայն: Առաւել՝ նոյն դիտորդները «օրինակելի» վարկանիշ կուտան հանրաքուէի ընթացքին եւ ժողովուրդի մասնակցութեան:
Ճանաչումի առաջին քայլեր: