ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի 18 հոգիէ բաղկացած դիտորդական առաքելութիւնը Փետրուար 20ին պիտի գտնուի Արցախ՝ հետեւելու կայանալիք սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին: Այս մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Պետօ Տէմիրճեան:
Փետրուար 20ին կայանալիք ԼՂՀ նոր Սահմանադրութեան նախագիծի հանրաքուէին առիթով Արցախ պիտի մեկնին նաեւ մեծ թիւով միջազգային դիտորդներ:
Այս մասին «Արցախփրէս»ի թղթակիցին յայտնած է ԼՂՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի քարտուղար Սերգէյ Մելքումեան:
«Այժմ տեղական դիտորդներու արձանագրութեան աշխոյժ փուլ կ՛ընթանայ: Արդէն շուրջ 70 դիտորդներ ու լրագրողներ արձանագրուած են: Դիտորդական մեծ խումբեր ունին «Ազատ հայրենիք», «Արցախի ժողովրդավարական» եւ «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւնները», մանրամասնած է Ս. Մելքումեան:
Արցախի սահմանադրական հանրաքուէին դիտորդական առաքելութեամբ մասնակցելու համար Փետրուար 19-21 Ստեփանակերտ պիտի գործուղուի Հա-յաստանի ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են ԱԺ պատգամաւորներ Գագիկ Մելիքեան, Լեւոն Խաչատրեան, Կարէն Շախմուրադեան, Վահրամ Մկրտչեան եւ Ալեքսանդր Արզումանեան: