ՄՈՍԿՈՒԱ.- Սահմանադրական հանրաքուէն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ չի կրնար ազդել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս ընթացող բանակցութիւններուն վրայ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
20 Փետրուարին, ԼՂՀի մէջ տեղի պիտի ունենայ սահմանադրական հանրաքուէ: Սահմանադրութեան նոր նախագիծը կ՛ենթադրէ անցում կառավարման նախագահական ձեւին: Ըստ գործող 2006ի սահմանադրութեան՝ ԼՂՀն այժմ կիսանախագահական երկիր է:
«Մենք չենք ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ պետութիւն: ԼՂ կարգավիճակը պէտք է որոշուի քաղաքական բանակցութիւններու ճանապարհով Մինսկի գործընթացի ծիրէն ներս», կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Ամէն պարագայի, չենք կարծեր, որ խաղաղ կարգաւորման ընթացքը կախուած է վերոնշեալ սահմանադրական հանրաքուէէն», ըսած են ԱԳՆ-ն:
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները Արցախի մէջ Փետրուար 20ին կայանալիք Սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէի արդիւնքները չեն ընդունիր: Այս մասին անոնք յայտարարած են Միւնիխի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպման արդիւնքներու մասին տարածած յայտարարութեան մէջ: