ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 16 Փետրուարին, «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցած փակ հանդիպման ընթացքին հրապարակուած է «Ծառուկեան» դաշինքի համամասնական ցուցակի առաջին տասնեակը, հետեւեալ կարգով.
- Գագիկ Ծառուկեան, 2. Իշխան Զաքարեան, 3. Նաիրա Զոհրաբեան, 4. Վարդան Բոստանջեան, 5. Միքայէլ Մելքումեան, 6. Արարատ Զուրաբեան, 7. Տիգրան Ուրիխանեան, 8. Իւետա Տօնոյեան, 9. Արգամ Աբրահամեան, 10. Վարդեւան Գրիգորեան
«Ծառուկեան» դաշինքին մաս պիտի կազմեն «Առաքելութիւն», «Ալեանս» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնները: