ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Լոս Անճելըսի հայ համայնքը ամերիկեան քաղաքական կեանքին այսքա՛ն կրքոտ մօտեցում երբեք չէր դրսեւորած: Հաւանաբար, մեր ընտանեկան շրջապատին մէջ ունեցած ենք ամերիկեան քաղաքականութեան վերաբերեալ վէճեր, երբեմն նոյնիսկ՝ բուռն հակաճառութիւններ, սակայն անոնց արձագանգը չէ՛ հասած միութենական միջավայր, չէ՛ ազդած կազմակերպական յարաբերութիւններուն վրայ:
Նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընտրութիւնը նոր իրավիճակ մը ստեղծած է՝ ինչպէ՛ս երկրի ամբողջ տարածքին վրայ, նոյնպէ՛ս հայկական իրականութեան մէջ:
Սուր բանավէճերը, որոշ պարագաներու, մինչեւ իսկ անհանդուրժողութեան կը տանին եւ լարուած վիճակներ կը ստեղծեն մեր հասարակութեան մէջ:
Բնակա՛ն է, որ ամբողջ երկիրը կը տագնապի այս օրերուն, եւ մենք չենք կրնար մեկուսանալ այդ իրականութենէն: Զանգուածային լրատուական միջոցները այս օրերուն իրենց վրայ գամած են հանրութեան ուշադրութիւնը. հակադիր ճակատներու մեկնաբանները խուլերու խօսակցութիւններով պէտք է զզուեցնէին բոլորս, բայց, կարծէք՝ ընդհակառա՛կը, տարուած եւ նոյնիսկ կախարդուած՝ հաւատարմօրէն կը շարունակենք մէկ կայանէն միւսը ցատկելով աւելի՛ գայթակղալի լրատուութիւն փնտռել՝ մեր համոզումներու հիմնաւորումով ոգեւորուելով եւ տարակարծիք եղողները բնովելով:
Այս ամէնը հաճելի կ՛ըլլար, եւ քաղաքացիական կրթութեան տեսակէտէն՝ նոյնիսկ օգտակա՛ր, եթէ կարենայինք մեր ազգային առաջնահերթութիւնները պահել իրենց արժանաւոր դիրքերուն վրայ, ու երբե՛ք հաւաքական կեանքին մեր մասնակցութիւնը, մեր դերակատարութիւնը այս վէճերուն ընթացքին ապրած յուսախաբութիւններով կամ կիրքերէ յառաջացած վիրաւորուածութեամբ պայմանաւորելու ծուղակին մէջ չիյնալ:
Եկէք պահե՛նք մեր սառնարիւնութիւնը եւ շարունակենք Ամերիկայի պետական բարձրագոյն ղեկավար շրջանակները հայկական հարցերու հանդէպ յաւելեալ զգայնութեամբ տոգորելու մտահոգութեամբ առաջնորդուիլ, ինչպէ՛ս դուրսը, նոյնպէ՛ս ալ ներսը՝ մեր համայնքային առօրեային մէջ:
Մատդ վէրքի մը դրիր բայց այդ վէրքը ուրկէ կուգայ չես յայտպեր: