ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահին յանձնարարութեամբ, սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն աջակցելու նպատակով, Հայաստանէն Սուրիա 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն պիտի տեղափոխուի: Այս մասին Փետրուար 13ին սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստին ըսած է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Նախարարը նշած է, որ համապատասխան գերատեսչութիւններէն աշխատակիցներ պիտի մեկնին Սուրիա՝ երկու օդանաւով առաքուելիք բեռը տեղ հասցնելու համար:
«Մենք այդ օգնութիւնը չենք ուղարկեր միայն այնտեղ բնակող հայերուն: Մենք զայն կ՛ուղարենք այն բնակավայրերը, ուր մեր հայրենակիցներուն հետ միասին կը բնակին նաեւ սուրիացիներ», ըսած է նախարարը:
Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ որպէս մարդասիրական օգնութիւն Սուրիա պիտի ուղարկուին առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ՝ հագուստ, սնունդ:
Սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու նպատակով կառավարութիւնը պահուստային ֆոնտէն յատկացուցած է աւելի քան 46 միլիոն դրամ: Գումարը նուիրատուութեան կարգով փոխանցուած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամին՝ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար անհրաժեշտ ապրանքներ ձեռք բերելու նպատակով:
Հայաստանին նախագահին յանձնարարութեամբ սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն աջակցելու համար անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 3ին եւ 5ին Երեւանէն Սուրիա ուղարկուած էր մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող երկու օդանաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութեան բեռներուն վրայ մակագրուած էր. «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով՝ Հայաստանէն Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»: