ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած ենք, պոլսահայ ոսկերիչ Յակոբ Տէմիրճի եւ իր կողակիցը՝ Սեդա Տէմիրճի, անցեալ տարուն Փետրուար 6ին իրենց բնակարանին մէջ ենթարկուեցան աւազակային յարձակումի մը։ Յանցագործները հայաստանցիներ էին, որոնք կապկպած էին Տէմիրճին ու իր կինը, բնակարանէն գողցած էին թանկարժէք գոհարեղէն ու փախուստ տուած էին դէպքի վայրէն։ Կարելի եղած էր փրկել կնոջ կեանքը, սակայն Յակոբ Տէմիրճի խեղդամահ եղած էր։
Այս ոճիրին դատավարութիւնը աւարտեցաւ այս Փետրուար 9ին, երբ դատաւորը վճռեց գլխաւոր երեք մեղադրեալները՝ Արթիւր Այվազեանը, Արամ Յովհաննիսեանն ու Սերկէյ Միքայէլեանը, դատապարտել ցմահ բանտարկութեան։
Հայաստանցի ինը կիներ անպարտ արձակուեցան՝ բաւարար փաստերու չգոյութեան պատճառով։ Անոնցմէ վեցը, որոնք մինչ այդ բանտարկուած կը մնային, Փետրուար 9ին, դատարանի դահլիճէն ազատ արձակուեցան, իսկ միւս երեքը նախապէս ազատ արձակուած էին արդէն։