ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Դաշնակցական մամուլին մէջ, «Ազդակ»էն աւելի տարիք ունեցող թերթեր կան: «Հայրենիք»ը, «Ասպարէզ»ը կրնան յոխորտալ, որ հարիւրամեակ գլած-անցած են, սակայն երկու թերթերն ալ այսօր հաստատօրէն կրնան խոստովանիլ, որ «Ազդակ»ը մեր մամուլի երիտասարդ, ուժակա՛ն նահապետն է:
Իր կենսագրութեան ընթացքին քաղաքական, ապահովական ու տնտեսական բազում ճգնաժամեր դիմագրաւած «Ազդակ»ը, հետեւողականօրէն բարձր պահած է իր լրագրական, մտաւորական մակարդակը եւ յաջողած է սոսկ լրատուի դերէն անդին՝ սերունդներ կերտողի առաքելութիւն ստանձնել:
Լրջութիւն եւ մտաւորական կարգապահութիւն ճառագայթող 90ամեայ «Ազդակ»ը, արեւմտահայերէնի ամրաբերդ ու անոր կենսունակութեան երաշխիք դառնալով՝ զարգացուցած է ուրոյն լեզուամտածողութիւն մը, որուն հիմնարար սկզբունքները ազգային մեր արժէքային համակարգէն կը ստանան իրենց սնունդը:
Եւ ո՛չ միայն այդ: Արհեստագիտական նուաճումներուն հետ քայլ պահելով, նիւթական ծանր պարտաւորութիւններէ չխրտչելով իսկ միջազգային չափանիշներով թերթի խմբագրական կազմ պահելու յանդգնութեամբ, «Ազդակ»ը իր օրաթերթային թարմութեան կողքին յաջողած է ընթերցողին տրամադրել նիւթերու այնպիսի ճոխ ընտրութիւն, որ կրնայ միջազգային չափանիշով որեւէ մեծ լրագիրի հետ մրցիլ:
Այս հարուստ աւանդին հետեւանք է այն հաւատարմութիւնը, զոր «Ազդակ» կը վայելէ իր ընթերցողներուն մօտ, որոնք նոյնիսկ երբ հեռաւոր ցամաքամասերու վրայ կը հաստատուին, կը մնան իրենց սիրած, իրենց ընդունած թերթը փնտռողներ՝ հայկական իրականութեան հետ հաղորդուելու հիմնական աղբիւր պահելով անոր արդէն թուայնացած էջերը:
Կը շնորհաւորենք «Ազդակ»ի 90ամեայ փառաւոր երթը եւ կը մաղթենք, որ նահապետական իր իմաստութեամբ շարունակէ կատարել առաջնորդողի իր առաքելութիւնը:
Absolutely, AZTAG is and will stay for generations to come, the true pioneer of Armenian newspapers, probably including even the ones published in the motherland.
To contribute to AZTAG, to read the AZTAG is a unique experience. The paper sometimes might be behind the other international papers as to coverage of international news (due to time differences, especially with the US), but as coverage of Armenian news and being home to all the articles filling its pages on a daily basis, Aztag is truly the real lighthouse of Armenian journalism. Bravo.