ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստան կը ծրագրէ մինչեւ 2020 թուական ուժանիւթի սպառումը կրճատել 37.4 տոկոսով: 2020ին ակնկալուող ուժանիւթի թիրախային խնայողութիւնը կը գնահատուի 40 միլիառ քիլոուաթ-ժամ՝ 2010-2020 ժամանակահատուածին:
Այս մասին նշուած է «2017-2018 Հայաստանի ուժանիւթի խնայողութեան գործողութիւններու ծրագիրի երկրորդ փուլ» փաստաթուղթին մէջ, որ անցեալ Հինգշաբթի օր արժանացած է կառավարութեան հաւանութեան:
Նոյն փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ «երկրում սպառուող բոլոր էներգառեսուրսների 2/3ը ներկրւում է, որը ինքնին ազգային էներգետիկ անվտանգութեամբ մտահոգուելու պատճառ է»:
Զեկոյցին մէջ նաեւ կը նշուի, որ «վերջին տասնամեակում էլեկտրաէներգիայի գներն աճել են 83-198 տոկոսով, իսկ բնական գազի գներն՝ 164-250 տոկոսով: Էներգիայի (ուժանիւթի) գների այսպիսի աճը առաջացնում է մատչելիութեան եւ մրցունակութեան խնդիրներ»:
Կառավարութիւնը ուժանիւթի խնայողութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը կը դիտէ իբրեւ երկրի անվտանգութեան, տնտեսական մրցունակութեան բարձրացման եւ շրջակայ միջավայրի վրայ բացասական ազդեցութեան նուազեցման միջոց:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յանձնարարած է յատուկ հսկողութիւն սահմանել ծրագիրի իրականացման նկատմամբ: