ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց սուրիացի ժողովուրդին, սուրիական հողերու անձեռնմխելիութեան, ամբողջականութեան ու ապահովութեան դէմ թրքական իրերայաջորդ յարձակումները. անիկա նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց տէր կանգնիլ միջազգային խաղաղութեան ու ապահովութեան պահպանման մէջ իր պատասխանատուութիւններուն եւ՝ «վերջ տալ սուրիացի ժողովուրդին դէմ թրքական վարչակարգին բացայայտ ոտնձգութիւններուն»:
Մինչ այդ, սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, որ Փետրուար 2ին, Հալէպի հիւսիսարեւելեան գիւղական շրջաններուն մէջ «Իսլամական պետութեան» դէմ իր կատարած զինուորական գործողութեանց ընթացքին վերատիրացած է 32 գիւղերու եւ ագարակներու, ինչպէս նաեւ՝ իր վերահսկողութեան տակ առած Հալէպ-Պապ մայրուղիի 16 քիլոմեթրի հասնող հատուածը: