ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան հրատարակեց յօդուած մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէ ետդարձ կատարելու այդ պատմական սխալէն, որ պիտի գործուի՝ եթէ սահմանադրական փոփոխութեան օրէնքը հաստատուի։
Փայլան իր յօդուածին մէջ նախ կը պատմէ, թէ անցեալ շաբաթ Գերմանիա գացած էր՝ Հրանդ Տինքի ոգեկոչման առիթով, եւ երբ կ՛անցնէր խորհրդարանի մէկ անցքէն, դաշնակի ձայն մը լսելով՝ հետաքրքրուած ու իմացած էր, որ ներսը պաշտօնապէս կը յիշատակուէր հրեաներու դէմ գործուած Ողջակիզումը։ Ան նախանձելի եւ օրինակելի գտած է այս տեսարանը, որ ցոյց կու տայ, թէ գերմանացիները որքա՛ն հանգիստ կերպով կ՛ընդունին իրենց անցեալը, մինչդեռ ինք կու գայ երկրէ մը, ուր դժուար է առերեսուիլ անցեալին հետ։
Փայլան յօդուածին մէջ դիտել կու տայ, որ այսօր պատրաստուած սահմանադրութիւնը ազգայնամոլ շրջանակներու կողմէ կոչուեցաւ «թուրքին սահմանադրութիւնը», ինչ որ մտահոգիչ է, որովհետեւ անցեալին Թալէաթ փաշան ու իր ընկերները նո՛յնը ընել ուզեցին, իսկ արդիւնքը եղաւ այն, որ հայ, ասորի, յոյն ու հրեայ ժողովուրդները մեծ կորուստներ տուին։
«Երբ խորհրդարանին մէջ խօսեցայ, փոթորի՛կ պայթեցաւ, անօրինակ պատիժի մը ենթարկուեցայ եւ իմ խօսակցութիւնս խորհրդարանի ատենագրութենէն սրբուեցաւ։ Ոմանք ըսին՝ «Կարօ, իրաւունք ունիս, բայց հիմա ատոր ատե՞նն է»։ Ես կը հասկնամ այս մտահոգութիւնը եւ մարդոց կողմէ ցուցաբերուած վախի զգացումը», գրած է ան։
Փայլան կը շարունակէ՝ ըսելով, որ իր նպատակը ամպիոն ելլել ու անպայման «ցեղասպանութիւն» բառը գործածել չէ՛ր։ Այդ բառը ինք ասկէ առաջ քանիցս գործածած է ու բան մը չէր պատահած, բայց այս անգամ նախատինքներ տեղացին եւ տագնապ ստեղծուեցաւ։
Ան կ՛աւելցնէ, թէ իր մեծ հօրը կեանքի պատմութենէն սորված էր, որ անցեալին ապրուածները եւ Անատոլուի մէջ իրականացած մեծ փլուզումը՝ ազգայնամոլ քաղաքագէտներու սխալներէն ծնունդ առած էին, իսկ նոր սահմանադրութիւնը երկրին ու ժողովուրդներուն ճակատագիրը կախեալ կը դարձնէ մէկ հոգիի կամքէն։
Կարօ Փայլան իր յօդուածի վերջաւորութեան կը գրէ, թէ լաւ արդիւնք մը պիտի չստեղծուի, եթէ իր լիազօրութիւնները միայն մէկ հոգիի փոխանցէ ա՛յն խորհրդարանը, որ «այսօր մեծ ախորժակով բանտ կը ղրկէ ինծի կուսակից երեսփոխանները»։
«Եթէ բոլորս ձեռք ձեռքի տանք, միասնաբա՛ր կը շահինք։ Այս հողերուն վրայ, ուր տասը տարի առաջ Հրանդ Տինքը զոհ տուինք, մարդիկ աղաւնիի անհանգստութիւն կ՛ապրին. մենք՝ հայերս, ասիկա լաւապէս գիտենք, եւ այս պատճառով ալ կոչ կ՛ընեմ մեծամասնութեան՝ եկէ՛ք, երբ տակաւին ճամբան մօտիկ է, ե՛տ դառնանք այս պատմական սխալէն», կ՛եզրակացնէ Կարօ Փայլան։