ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- «Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» (Աշխարհի միացեալ քոլեճներ) ցանցի անդամ Դիլիջանի միջազգային դպրոցը, զոր հիմնած է գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան, յայտնուած է «Ֆորպզ»ի վարկանիշի լաւագոյն հնգեակին մէջ: Դպրոցը ներառուած է ռուս միլիառատէրերու մասնակցութեամբ ստեղծուած լաւագոյն դպրոցներու վարկանիշին մէջ, որուն կարելի է ծանօթանալ «Ֆորպզ» հրատարակութեան պաշտօնական կայքին վրայ: Ռուբէն Վարդանեանի հիմնած Դիլիջան միջազգային դպրոցը գրաւած է երկրորդ հորիզոնականը։ Այս մասին կը յայտնէ «Sputnik Արմէնիա»ն:
Թերթը գրած է, որ 2014ին Ռուբէն Վարդանեան կնոջ հետ հիմնած է միջազգային դպրոցը: Դիլիջանի միջազգային դպրոց կը յաճախեն տաղանդաւոր երեխաներ: Կը գտնուի Հայաստանի համանուն քաղաքին մէջ եւ մաս կը կազմէ «Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» միջազգային դպրոցներու ցանցին: Այդ կը նշանակէ, որ ընդունելութեան քննութիւններէն ետք, ընդունող յանձնաժողովը կրնայ աշակերտը ուղարկել այլ երկիր ուսանելու, ուր նոյնպէս կայ ցանցի դպրոց: Այսօրուան դրութեամբ դպրոցին մէջ կ՛ուսանի 198 ուսանող՝ աշխարհի 72 երկիրներէ:
Վարկանիշին մէջ ներառուած են նաեւ հարուստ բարերաներու միջոցներով ստեղծուած այլ նախագիծեր: