ԵՐԵՒԱՆ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին մէջ Ռուսիոյ նախկին համանախագահ Վլատիմիր Քազիմիրով «Նեզավիզիմայա Կազեթա»ին մէջ ստորագրած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ յօդուած մը, որուն մէջ նշած է, թէ Պաքուի ղեկավարութեան դիրքորոշումը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու առաջարկներուն նկատմամբ, չի յատկանշուիր իր կառուցողականութեամբ:
«Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը խլած է 20 տարի ու դեռ աւելի ու աւելի կը պահանջէ: Եթէ հայկական երկու կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են աշխատանք տանելու՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն առաջարկներուն գծով, ապա պաշտօնական Պաքուն չի ալ ձգտիր անոր, ընդհակառակն, կը փորձէ որեւէ ձեւով խաթարել միջնորդներուն նախաձեռնութիւնները կամ ձգձգել անոնց վերանայումը: Դեռ աւելի՛ն, նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ նախկինին պէս ռազմական գործողութիւններու վերսկսման վերաբերեալ սպառնալիքներ հնչեցնել», վերլուծութեան մէջ գրած է Քազիմիրով:
Ըստ անոր՝ հակառակ Պաքուի նախկին ղեկավարութեան սխալ հաշիւներուն ու 1991-1994 թուականներուն ղարաբաղեան պատերազմի բաւական ուսուցողական բնոյթին, տպաւորութիւն կը ստեղծուի այն գծով, որ ներկայի ղեկավարութիւնը ոչ մէկ ձեւով կրնայ իրական գնահատական տալ կարեւորագոյն գործօններուն, օրինակ անոր, թէ ինչ պիտի արժէ նոր ռազմական հակամարտութիւնը իր ժողովուրդին եւ տարածաշրջանին համար, եւ ինչպիսի հետեւանքներ կրնայ ունենալ։
«Պաքուի թերացումներու ծիրին մէջ արժէ նաեւ ընդգրկել ոչ հազուադէպ նկատուող անբաւարար լրջութիւնը ղարաբաղեան տագնապին վերաբերող փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք ստորագրուած են իր մասնակցութեամբ: Իլհամ Ալիեւի դիրքորոշումը՝ յառաջ տանելու ղարաբաղեան կարգաւորումը հայկական զօրքերու դուրս բերման միջոցով, միամիտ եւ անիրական է: Միանշանակ պարզ է, որ զօրքերու դուրս բերումը կրնայ տեղի ունենալ միայն կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վստահելի ամրապնդումով, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նոր կարգավիճակի հաստատումով:
Աւելի իրական են ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդին կողմէ 1994 թուականի Ապրիլ 15ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն մասնակցութեամբ ընդունուած յայտարարութեան շեշտադրումները: Այնտեղ յստակեցուած է հակամարտութեան կարգաւորման քայլերու հերթականութիւնը: Իլհամ Ալիեւի դիրքորոշումը բացարձակապէս չի համապատասխաներ ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներուն դիրքորոշման», ընդգծած է ան: