ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 20 Յունուարին այցելած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան, շրջագայած է կրթական հաստատութեան մէջ, ծանօթացած անոր ընթացիկ գործունէութեան, ուսումնառութեան պայմաններուն եւ ծրագիրներուն: Ան նաեւ այցելած է համալսարանի գրադարան, որ կը սպասարկէ ո՛չ միայն ուսանողական եւ դասախօսական անձնակազմին, այլ բաց է նաեւ հասարակութեան համար, ուսանողներու արձանագրութեան բաժին, նախաձեռնութիւններու ու համաժողովներու համար նախատեսուած «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» սրահ, տարրալուծարան, զրուցած է աշխատակիցներուն հետ եւ հետաքրքրուած անոնց աշխատանքներով:
Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ որակեալ կրթութիւնը երաշխաւորելով եւ հաւասար պայմաններ ստեղծելով, երկրին մէջ անպայման յառաջընթաց կ՛արձանագրուի: «Սակայն մեր նպատակը պարզապէս առաջընթացը չէ, խօսքն այնպիսի առաջընթացի մասին է, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի նկատի իր առօրեայ կեանքի որակի բարձրացումը», ըսած է Կարէն Կարապետեան:
Այնուհետեւ ան հանդիպում ունեցած է համալսարանի ուսանողներուն հետ ու պատասխանած անոնց հարցումներուն: Վարչապետը նշած է, որ տպաւորուած է Ամերիկեան համալսարանով, անոր ուսումնառութեամբ եւ տեղեկացուցած, որ համալսարանի ղեկավարութեան հետ քննարկած են կրթական համակարգին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, Ամերիկեան համալսարանի հետագայ գործունէութեան, հոն առկայ մթնոլորտը հայաստանեան միւս բարձրագոյն կրթական կառոյցներուն մէջ եւս ստեղծելու կարելիութիւններուն վերաբերող հարցեր: «Մի առիթով ինձ հարցրել են, թէ ինչպէ՞ս եմ տեսնում վաղուայ Հայաստանը: Իմ պատասխանը պատրաստուած չէր եւ չէի ակնկալում, որ նման հարց կը լինի. պատասխանը ձեւակերպել եմ հետեւեալ կերպ՝ անկախ, անվտանգ, արդար եւ ինտելեկտուալ Հայաստան: Այդ պատասխանի մէջ իրականում իմ աշխարհահայեացքն է, այլ ոչ թէ այն, որ լսողն աւելի դրական ինձ վերաբերուի: Ես աւելի քան համոզուած եմ, որ ինտելեկտուալ բաղադրիչը մեր երկրին անհրաժեշտ է: Եթէ չկարողանանք կիրթ, գրագէտ քաղաքացի ունենալ, լաւ երկիր չենք ունենայ: Մենք դա կարո՞ղ ենք անել, թէ ոչ՝ միանշանակ կարող ենք: Այդ առումով, կրթական համակարգին մեր կառավարութիւնը ցուցաբերելու է մաքսիմալ ուշադրութիւն: Մենք մեծ յոյսեր ենք կապում ձեզ հետ եւ մաղթում յաջողութիւններ, որ այստեղ առկայ միջավայրը, մթնոլորտը տարածուի ամբողջ երկրով», ըսած է վարչապետը:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ներդրումներու համար աւելի գրաւիչ պայմաններ ստեղծելու վերաբերող հարցումի մը՝ գործադիրի ղեկավարը նշած է, որ գործարարութեան ներգրաւման համար պէտք է գոյութիւն ունենան հասկնալի, թափանցիկ, վստահելի եւ կանխատեսելի պայմաններ՝ հարկային, մաքսային, դատական համակարգերուն, օրէնսդրական դաշտին մէջ: «Այս պահին դրա համար ունե՞նք իդէալական միջավայր, ի հարկէ՝ ոչ: Մենք ունենք ծրագիր, թէ քայլ առ քայլ ինչպէս ենք գնալու: Աւելին, օրերս ստեղծել ենք Ռազմավարական նախաձեռնութիւնների կենտրոն, որի հոգաբարձուների խորհրդի անդամների մեծամասնութիւնը մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներ են՝ Ռուսաստանից, ԱՄՆից, Սփիւռքից, որի շրջանակում ձեւաւորելու ենք մեր ռազմավարութիւնը, տեսլականը, բարեփոխումները, թէ ուր ենք գնալու: Եւ կենտրոնի հիմնական ուղղութիւններից մէկը լինելու է բիզնես միջավայրը փոխելը: Այստեղ որեւէ հեծանիւ յօրինել պէտք չէ, ընդամէնը պէտք է ապահովենք այն պայմանները, որ բիզնեսը ծաղկի: Երջանիկ երկրների վարկանիշներում եղել են այնպիսի պետութիւններ, որտեղ գործարարը, աշխատող, ստեղծագործող մարդն իրեն լաւ է զգում, ոչ թէ այն երկրները, որոնք ունեն նաւթ, գազ կամ այլ բնական պաշարներ: Անելու ենք այնպէս, որ ներդրումները գան մեր երկիր», շեշտած է վարչապետը՝ աւելցներով, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի ներկայացուին տարբեր ոլորտներու մէջ ակնկալուող ներդրումային ծրագիրները:
«Կարծում եմ՝ բաւականին հետաքրքիր պատասխաններ են լինելու, բաժանումը կատարուելու է ըստ ոլորտների, որտեղ լինելու է նաեւ մշակոյթը: Առաջին անգամ մշակոյթի նախարարը յայտարարել է, որ մեր մշակոյթը պէտք է եւս կապիտալիզացնել: Այդ առումով, մենք գիտենք ինչպէս ենք գնալու առաջ», ընդգծած է Կարէն Կարապետեան:
Խօսելով հայաստանեան կրթական համակարգը արտասահմանցի ուսանողներուն համար գրաւիչ դարձնելու հարցին մասին՝ վարչապետը նշած է, որ այդ մէկը ընելու համար պէտք է Հայաստանի կրթական համակարգը ըլլայ ժամանակակից եւ փոխներգործօն:
«Մեզ մօտ կրթուելու առաջին գրաւականը լաւ կրթական համակարգն է եւ դա նախեւառաջ կարեւոր է հէնց մեր զարգացման համար: Եթէ կարողանանք օրէնսդրական, ենթակառուցուածքների դաշտն այնպէս դարձնել, որ օտարերկրեայ մարդն իրեն ապահով զգայ Հայաստանում, այդպէս էլ կը լինի: Դրա համար պէտք է քրտնաջան աշխատել: Իսկ հաւատո՞ւմ եմ ես այդ գաղափարին՝ միանշանակ: Աւելին, ես համոզուած եմ, որ այդպէս էլ լինելու է»:
Ուսանողները ուզած են գիտնալ, թէ ինչպիսի՞ տարի կ՛ակնկալէ վարչապետը եւ հետագային ի՞նչ ծրագիրներ կան. «2017 թուականը ես տեսնում եմ որպէս ախտորոշման, կառավարութեան մեխանիզմների յստակեցման, կայունացման փուլ, ինչի պարագայում կը ստեղծենք լաւ բազիսային վիճակ, որպէսզի 2018 թուականից սկսած ունենանք ռեգուլեար կայուն աճ: Երբ գոյքագրում ենք, փոխում կառավարման որոշակի գործողութիւններ, ծախսերի կրճատումներ ենք անում, այդ տարուայ ընթացքում սպասել շատ կտրուկ աճ՝ բաւականին բարդ է», յայտնած է Կարէն Կարապետեան:
Փտածութեան դէմ պայքարին մէջ Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է միջավայրի փոփոխութիւնը եւ նշած, որ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ է լայնածաւալ աշխատանք տանիլ: «Մեր քայլերի փիլիսոփայութիւնը հետեւեալն է՝ մաքսիմալ փոխել միջավայրը, որպէսզի կոռուպցիոն ռիսկերը նուազեն: Համոզուած եմ, որ ստեղծելով հակակառուպցիոն հերթական կառոյցը՝ կոռուպցիան չի նուազի, եթէ այդ միջավայրը չփոխուի», ընդգծած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ նոր կառավարութեան գործունէութեան 100 օրուան ընթացքին տրուած որոշումներուն 9 տոկոսը եղած է փտածութեան դէմ, իսկ 10 տոկոսը՝ գործարար միջավայրի բարելաւման վերաբերեալ: «Այդպէս էլ աշխատելու ենք՝ պարբերաբար նուազեցնելով կոռուպցիոն ռիսկերը», յայտնած է ան։
Ուսանողները վարչապետին հարցուցած են, թէ ի՛նչ երեք խորհուրդ կու տայ շրջանաւարտներուն. Կարէն Կարապետեան պատասխանած է. «Եղէք անկախ, ակտիւ եւ սիրէք ձեր հայրենիքը: Մաղթում եմ ձեզ յաջողութիւններ, համոզուած եղէք, որ մեր երկրից լաւ երկիր մեզ համար չկայ, եթէ մեր երկիրն ունի թերութիւններ, դրանք մենք պէտք է շտկենք»: