ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Յունուար 19ին, Պերլինի մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումի ատենապետ Գասպար Կարապետեանի եւ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութեանց գրասենեակի պատասխանատու Հեղինէ Էվինեանի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին, Գերմանիոյ խորհրդարանի (Պունտեսթակ) ազգութեամբ թուրք պատգամաւոր եւ Կանաչներ կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր ստացած է Ամերիկայի Հայ Դատի կազմակերպութեան «Ազատութիւն» մրցանակը։
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 16ին կայացած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին այդ մրցանակը շնորհուեցաւ Օզտեմիրին եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Պունտեսթակին: Օզտեմիր, որ չէր կրցած ներկայ ըլլալ այդ ձեռնարկին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի համահեղինակներէն էր:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սիւզի Ծերունեան-Խանզադեան ձեռնարկին ընթացքին դրուատած էր Օզտեմիրի հայանպաստ գործունէութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ ամերիկեան իշխանութիւնները օրինակ կ՛առնեն Գերմանիոյ խորհրդարանի յանդուգն քայլէն։
Ճեմ Օզտեմիր, որ 1994ին հանդիսացած էր Գերմանիոյ խորհրդարանի առաջին թուրք երեսփոխանը, իսկ 2004էն 2009ի միջեւ նաեւ եղած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, ցաւ յայտնեց, թէ Անգարայի իշխանութիւնները կը շարունակեն Ցեղասպանութիւնը ուրանալու արշաւը՝ փորձելով ձախողութեան մատնել վերջին քանի մը տարիներուն Թուրքիոյ մէջ սկսած Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ շարժումները: Ան նաեւ արտայայտուեցաւ Ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիոյ մեղսակցութեան մասին, ինչին անդրադարձ կար նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանին վաւերացուցած բանաձեւին մէջ:
Յիշենք, որ «1915ին հայերու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» խորագրուած նշեալ բանաձեւը, անցեալ տարուան Յուլիս 2ին, Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուեցաւ գրեթէ միաձայնութեամբ (միայն մէկ դէմ եւ մէկ ձեռնպահ): Յատկանշական էր, որ անոր ի նպաստ քուէարկեցին ազգութեամբ թուրք 11 գերմանացի երեսփոխաններ:
Օզտեմիր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն Հայաստան այցելած էր՝ շեշտելով Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճամաչման կարեւորութիւնը:
Յիշենք նաեւ, որ Գերմանիոյ վարչապետը, նախագահն ու խորհրդարանի նախագահը նեցուկ կանգնած են բանաձեւին եւ դէմ դրած են անոր վաւերացումը ձախողութեան մատնելու նպատակով Թուրքիոյ կատարած սպառնալիքներուն: