Ամանորեան որոշումները, ընդհանրապէս, մեր առօրեայ կեանքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու տրամադրութեան կամ ցանկութեան արդիւնք են:
Գէր ենք, կ՛որոշենք կարգապահօրէն զսպել մեր ախորժակը ու բեռնաթափել քանի մը քիլոկրամ:
Ծխախոտի վնասները արդէն զգալի կը դառնան, եւ կ՛որոշենք դադրեցնել ծխելը ու ամէն օր քանի մը մղոն քալել կամ վազել:
Խմիչքի չարաշահումին վերջ տալ, տարբեր մոլութիւններէ ձերբազատուիլ, եւ այլն, եւ այլն:
Ասոնք, հաւանաբար, ամէնէն ընդհանրացած որշումներն են, եւ նոյնի՛սկ ասոնց պարագային, երբ մեր առողջութեան խնդիրն է, զոր կ՛ուզենք լուծել, շատերս կը ձախողինք մեր որոշումին տէրը ըլլալ եւ կը շարունակենք յետաձգել անոնց գործադրութիւնը:
Կամքի տկարութիւն, հետեւողականութեան պակաս, հազար ու մէկ պատճառ կարելի է վկայաբերել մեր խոստմնադրուժ վարքագիծին:
Իսկ կրնաք երեւակայել, որ մեր անձին չվերաբերող որոշումներուն պարագային որքա՜ն անլրջութեամբ պիտի պահպանենք մեր խոստումները:
Օրինակ՝ աւելի՛ գործունեայ դառնալ միութենական կեանքի մէջ, կամ՝ աւելի յանձնառու դառնալ եւ ստանձնուած պատասխանատուութիւնները մինչեւ վերջ կատարել, իմաստալից աշխատանքներու մէջ ներգրաւուիլ եւ ծառայել ազգին ու հայրենիքին:
Ազնիւ ու վեհ առաջադրանքներ են ասոնք, սակայն կը յաջողի՞նք հոգեկան մեծ բաւարարութիւն խոստացող այս որոշումները կատարել: Հազար ու մէկ արդարացում կը գործեն այստեղ՝ մեզ «ազատելու» համար մեր յանձնառութիւններէն. օրինակ՝ այս կամ այն վիճակէն կամ անձէն յուսախաբութիւն, նեղացածութիւն, բարոյալքում, յուսահատութիւն, նաեւ՝ ծուլութիւն, անպատասխանատուութիւն: Կը փորձենք խուսափիլ մեր ներքին հարցադրումներէն, թէ՝ արդեօք ինչո՞ւ միացած ենք այս կամ այն միութեան, ինչո՞ւ անձնական մանր հարցերը կը վճռեն մեր վերաբերմունքը՝ միութենական աշխատանքին հանդէպ:
Ձեր ամանորեան խոստումներն ու որոշումները իրագործելու իբրեւ մարտահրաւէր ընդունեցէք այս գրութիւնը, եւ յանուն ձեր առողջութեան, յանուն ձեր հոգւոյ խաղաղութեան՝ տէ՛ր եղէք անոնց։