ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովին մէջ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ամփոփելով 2016 թուականը, ըսած է, որ Հայաստանի մէջ որակական փոփոխութիւններու առաջին սաղմերը նկատելի են, բայց արդիւնքները տակաւին էական չեն:
«Մեր երկրում որակական փոփոխութիւններ են սկսուել: Առաջին սաղմերը նշմարելի են, արդիւնքները դեռեւս էական չեն, բայց որ ուղղութիւնը ճիշդ է ընտրուած, եւ սաղմերը կան, ակնյայտ է: 2017 թուականը լինելու է եւ քաղաքական համակարգի, եւ տնտեսական վիճակի կայունացման ու զարգացման նախադրեալ ստեղծելու տարի», շեշտած է ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կ՛ակնկալէ՞, որ, որպէս նշմարելի էական արդիւնք, օրինակ, պանանը ներածեն քանի մը անձեր, եւ վերանայ մենաշնորհը, Աղուան Վարդանեան ըսած է. «Հիմա եթէ դուք դատելու էք բանան ներկրողների քանակով… Ես լրատուամիջոցներում տեսնում եմ հրապարկումներ, որ արդէն ներկրողներ կան եւ երկու հոգի չեն: Այսինքն՝ խնդիրները ճիշդ են ձեւակերպուած: Այսօր կան փոքրիկ փոփոխութիւններ, որ հասարակութիւնը դեռ չի գնահատում, բայց փոխւում են»:
Իբրեւ իրականացած փոփոխութիւն՝ Աղուան Վարդանեան մատ-նանշած է կազի գինի նուազումը՝ միաժամանակ խոստովանելով, որ տնտեսութեան վիճակը ծանր է, ինչ որ կարելիութիւն չէ տուած աշխատավարձերու եւ թոշակներու բարձրացման: