ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Խմբագրութեան աշխատանքի քննութիւնն է, զոր պիտի փորձենք տալ:
Կը սկսինք թերացումներէն.
Թերթի ուշացումը: Կը խնդրենք, որ թերթը ուշ ստանալու մեղքը մեր վրայ չբարդէք: Խմբագրութիւնը ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ, ամէն օր, պայմանական ժամը երկուքէն առաջ (վերջերս յաճախ՝ նոյնիսկ մէկ ժամ առաջ) թերթը կը հասցնէ տպարան, որ, իր կարգին, ժամը հինգէն առաջ զայն կը յանձնէ Լոս Անճելըսի թղթատարական կեդրոնական գրասենեակ, ուրկէ կը կատարուի բաշխումը: Ուշացման պատճառները այդ բաշխման դրութեան մէջ պէտք է փնտռել: Սակայն, պէտք չէ բաւարարուիլ արդարացումով, այլ պէտք է անպայմա՛ն գտնենք թոյլ օղակը եւ պահանջենք անոր սրբագրումը:
Վրիպակներն ու լեզուական թերացումները: Դարձեա՛լ պէտք չէ արդարանալ՝ մեր գործի ծաւալին մեծութիւնը կամ աշխատակազմի խիստ ծանրաբեռնուածութիւնը վկայակոչելով: Թերացումը թերացո՛ւմ է եւ, մանաւանդ «Ասպարէզ»ի բծախնդիր եւ հայերէնի հանդէպ պաշտամունք ունեցող ընթերցողներուն ակնոցով՝ աններելի՛:
Նկարներուն տակ բացատրութիւններու պակաս: Նկարներու առատութիւն, երբեմն՝ չափազանցուած: Խմբագրութիւնը յաճախ նիւթական ակնկալութեամբ միութիւններուն կը դիմէ՝ խնդրելով իրենց գործունէութեան սատարող անձերուն նկարներով էջեր հովանաւորել: Չենք ուզեր արդարանալ, բայց կը կարծենք, որ մասնակիցներուն ներկայութիւնը, նեցուկը գնահատելու ձեւ մըն է նաեւ այդ:
Համայնքի կեանքը լուսաբանելու գործը ոչ-մասնագէտ լրագրողներու, կամաւոր թղթակիցներու վստահիլը: Եթէ չկարենանք սեփական լրագրողներ պահելու միջոցներ գտնել, ապա պիտի բաւարարուինք այս վիճակով, քննադատենք, բողոքենք, համակերպինք: Համայնքին մէջ արժէքաւոր բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, գործարարներ՝ մեր հասողութենէն դուրս կը մնան: Մեր տեսադաշտէն դուրս կը մնան նաեւ որոշ յոռի բարքեր, որոնց հանդէպ քննադատական պատասխանատու խօսքով հանդէս գալու համար, բծախնդիր հետաքննութիւն կատարելու հնարաւորութիւն պէտք է ունենանք: Չունի՛նք:
Երկար յօդուածներու տեղ տալով կը քննադատուինք, սակայն արագ, մակերեսային լրատուութենէ անդին երթալու համար, անհրաժեշտ կը գտնենք տեղ տալը վերլուծական յօդուածներու, որոնք իրենց ծաւալով կրնան արագավազ մեր կեանքի կշռոյթին չհամապատասխանել:
Ժամանակակից արհեստագիտութեան բարիքներէն սահմանափակ չափով կ՛օգտուինք: Ահագին տեղ կայ յառաջ երթալու. ժամանակն ու ընթերցողներու սերնդափոխութիւնը իրե՛նք պիտի պարտադրեն, որ անպայմա՛ն որոշ քայլեր առնուին:
Շարքը տակաւին կրնայ երկարիլ: Դուք ալ կրնաք աւելցնել անոր վրայ: Գրեցէ՛ք, եւ մենք սիրով կը հրատարակենք ձեր քննադատութիւնը։