ՊՈԼԻՍ.- «Հրանդի ընկերներ» նախաձեռնութեան անդամները Դեկտեմբեր 19ին դարձեալ բողոքի ցոյց մը կազմակերպած են Պոլսոյ Չաղլայեան արդարադատութեան պալատի շէնքին առջեւ, ուր տեղի կ՛ունենայ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը:
«Ակօս»ը կը հաղորդէ, որ նախաձեռնութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ Տինքի սպանութեան մանրամասնութիւնները թաքցնելու եւ արդար պայմաններու մէջ դատավարութեան իրականացման գործընթացը խանգարելու միտումով՝ պետութիւնն ու յանցագործները միասին գործած են:
Նախաձեռնութեան անդամները նշած են նաեւ, որ արդար դատավարութեան ակնկալիքներն ու յոյսերը անիրական կը թուին՝ վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ յաճախակի դարձած բռնութիւններուն պատճառով, սակայն հակառակ անոր, Տինքի ընտանիքն ու դատավարութեան հետեւողները պիտի շարունակեն արդարութիւն պահանջել մինչեւ վերջ:
«Հրանդի ընկերներ»ը շեշտած է, որ դատախազութեան կողմէ սպանութեան մեղքը միայն կիւլենականներուն վրայ բարդելու մղումը կը բարդացնէ արդար դատավարութեան եւ անկողմնակալ վճիռի մը հասնելու գործընթացը:
Տինքի սպանութեան գործով մեղադրեալներու աթոռին յայտնուած նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն դէմ յարուցուած են նաեւ այլ դատական գործեր՝ Յուլիս 15ի ռազմական յեղաշրջման փորձին հետ առնչութիւն ունենալու մեղադրանքով: Ի դէպ, Տինքի սպանութեան հետ անոնց անմիջական կապին մասին փաստող տեսանիւթերը ի յայտ եկած են՝ յեղաշրջման փորձի գլխաւոր կազմակերպիչ համարուող թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի կողմնակիցներուն դէմ պետութեան կողմէ սկսած լայնածաւալ որսին ընթացքին:
Սեպտեմբերին համացանցի վրայ յայտնուած էր տեսանիւթ մը, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէս Տինքի սպանութեան օրը մարդասպան Օկիւն Սամասթ իր քայլերը կ՛ուղղէ դէպի «Ակօս»ի խմբագրութեան շէնքը. այդ նոյն տեսանիւթին մէջ կ՛երեւին նաեւ նոյն տեղը անհանգիստ, այս ու այն կողմ քալող տղամարդիկ, որոնք, կարծես, նշաններ կու տան Սամասթին: Աւելի ուշ, համացանցի վրայ տարածուած էր այլ տեսանիւթ մը, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէս թրքական ոստիկանութեան պաշտօնեաներէն մէկը բանտին մէջ կ՛ողջագուրուի եւ կը լուսանկարուի Սամասթի հետ:
Թուրքիոյ մէջ արդարութիւնը ձերբակալուած է Կիւլէնական ըլլալուն համար, ուստի արդարութիւն չկայ: