ՀԱԼԷՊ, ՄՈՍԿՈՒԱ, «Գանձասար», «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16ին, Հալէպի արեւելեան թաղամասերէն զինեալներն ու քաղաքայինները դուրս բերելու համաձայնութիւնը առկախուեցաւ, երբ զինեալ ահաբեկիչներ խախտեցին համաձայնութիւնը՝ կրակ բանալով հանրակառքերուն վրայ:
Բանակը յայտարարեց, թէ համաձայնութիւնը առկախուած պիտի մնայ, մինչեւ որ ահաբեկիչներուն կողմէ համաձայնութեան բոլոր պայմանները յարգելու գծով երաշխիքներ ներկայացուին, միաժամանակ աւելցուց, որ սուրիական կողմը նախանձախնդիր է կեանքի կոչելու այդ համաձայնագիրը՝ արիւնահեղութիւնը կանխելու եւ Հալէպի մէջ խաղաղութիւն վերահաստատելու համար։
Բանակը նաեւ տեղեկացուց, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ այլ ձեւով ալ խախտած են համաձայնութիւնը, երբ իրենց հետ տեղափոխել փորձած են ծանր զէնքեր ու հրթիռներ, եւ համաձայնութեան մէջ յիշուած գերիներու յանձնումը չեն կատարած:
Առկախումէն առաջ, Դեկտեմբեր 16ին, յաւելեալ 2300 զինեալներ եւ քաղաքայիններ հարնակառքերով եւ շտապ օգնութեան մեքենաներով դուրս բերուեցան Հալէպէն, Միջազգային Կարմիր Խաչին եւ Սուրիական Կարմիր Մահիկին հսկողութեան տակ:
Քաղաքական գետնի վրայ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին հետ համագործակցաբար՝ աշխատանք կը տարուի Սուրիոյ իշխանութեանց եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւններու վերսկսելու, հաւանաբար՝ Ղազախստանի մէջ, տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու նպատակով։ «Մենք Սուրիոյ կառավարութեան, իսկ Թուրքիոյ նախագահը՝ սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն պիտի յորդորէ շարունակել խաղաղ բանակցութիւններու գործընթացը», ըսաւ Փութին։