Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինը (ՍԱՐՖ), հաղորդակցած է Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինի ներկայացուցիչներուն հետ, Սուրիոյ պատերազմական վերջին կացութեան պայմաններուն ի տես, նկատի ունենալով, որ վերջին չորս տարիներուն, Սուրիոյ լարուած պայմանները խլեցին մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքի խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը:
Իրազեկ ըլլալով Սուրիոյ մասին յայտարարուած վերջին տեղեկութիւններուն, որոնք մասամբ լաւատեսութիւն կը ներշնչեն Հալէպի մէջ ապրող թէ գաղթական դարձած մեր հայրենակիցներուն եւ մեզի… սակայն, նաեւ իմանալով, որ պատերազմը վերջ չէ գտած եւ հալէպահայութիւնը տակաւ կ՛ապրի ապագայի նկատմամբ անորոշութեան եւ մտավախութեան դժուարին պայմաններու մէջ՝
ՍԱՐՖը կը մնայ հաստատակամ իր ուխտին՝ օժանդակելու սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, մինչեւ այս դժուարին պայմանները իրենց լրումին հասնին ու մեր հայրենակիցները ապահով վերադառնան իրենց ընտանեկան օճախները:
Կը տեղեկացնենք, որ վերջին օրերուն, ՍԱՐՖը 100,000 ամերիկեան տոլարի փոխանցում մը ըրաւ՝ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինին (ՇՏԱՊ), նպաստելու համար Հալէպի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու դժնդակ պայմաններու բարեկարգման, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանի մէջ կայք գտած սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն բնակարանային հաստատման գործին:
Առ այդ, ՍԱՐՖի փոխանցումը՝ 2016ի ընթացիկ տարուան մէջ, առ այսօր կը հաշուէ 784,000 տոլար:
ՍԱՐՖը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ նուիրատու մեր հայրենակիցներուն, որոնք օգնութեան ձեռք երկարեցին կենաց եւ մահու մէջ ապրող սուրիահայ մեր հայրենակիցներու կեանքի ապահովութեան ի խնդիր։ Վստահ ենք, որ մեր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը տակաւ պիտի շարունակուի յաջորդող շաբաթներուն եւ ամիսներուն:
Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք փոխանցել ՍԱՐՖի նամակատուփ՝ P.O.Box 1948, Glendale, CA 91209 հասցէին, կամ՝ ՍԱՐՖի www.syrianarmenianrelieffund.org կայքէջով:
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ