Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3ին, Փրովիտընսի մէջ նշուեցաւ ՀՅԴի 126ամեակը, տեղւոյն «Քրիստափոր» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ:
«Հարպըր Լայթ Մարինա»ի մէջ կատարուած այս ձեռնարկին ներկայ էին 150 հայորդիներ: Օրուան հանդիսավարն էր Հրակ Առաքելեան, որ բեմ հրաւիրեց «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Տոնոյեանը: Առաջին հերթին, վայրկեան մը լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը վերջերս մահացած ընկերներ Թոմ Վարդապետեանի (տարիներ շարունակ ծառայած «Հայրենիք»ի անգլերէն բաժինի՝ «Արմինիըն Ուիքլի»ին) եւ Արա Տէմիրճեանի (ՀՅԴ Բիւրոյի գործավար):
Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումէն ետք խօսք առաւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ հայր Գաբրիէլ Նազարեան, որ շնորհաւորեց ՀՅԴի 126ամեակը:
Շրջանէն հինգ ազգայիններ՝ Ռիթա Մինասեան (ՀԵԴ), Մակի Մատարենց (Համազգային), Քարէն Փիլա (ՀՕՄ), Սարգիս Մինասեան (ՀՄԸՄ) եւ Սեդա Դարբինեան (ՀՕՄ) այս առթիւ ստացան յուշանուէրներ, գաղութէն ներս իրենց ունեցած հետեւողական ներդրումին առթիւ:
Օրուան բանախօսն էր Լոս Անճելըսէն ժամանած Մուրատ Թոփալեան, որ կոչ ուղղեց երիտասարդութեան շարունակելու Քրիստափորներու, Ռոստոմներու եւ Զաւարեաններու կերտած կուսակցութեան աշխատանքը:
Նշենք, թէ ան նախապէս դասախօսած էր երիտասարդականներուն, որմէ ետք կատարուած էր խրախճանք:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Սեւակ Խաչատուրեան, Մարթին Յարութիւնեան եւ Շահան Ներսէսեան, որոնք ներկայացուցին ազգային եւ տոհմիկ երգերու փունջ մը։ Աւարտին, հաւաքուեցաւ հազար տոլար, որ տրամադրուեցաւ Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին: