Յակոբ Լեւոնեան ծնած է Լիբանան, 17 Մարտ 1951ին: 1977ին կը փոխադրուի Սիտնի, Աւստրալիա:
«Հայոց Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ»ու անդամ՝ 23 Նոյեմբեր 1986ին կը նահատակուի Աւստրալիոյ Մել-պուրն քաղաքին մէջ կատարուած գործողութեան ընթացքին, որ ուղղուած էր թրքական հիւպատոսարանին դէմ:
Ստորեւ՝ ՍԱԼԲԻ, ԳԱԼԷ, ՆԱՅԻՐԻ ԼԵՒՈՆԵԱՆՆԵՐու սրտի խօսքը, որ նաեւ մեր խօսքն է:
Այսօր, 30 տարիներ ետք, մեր զգացումները եւ ապրումները կը սաւառնին դէպի 23 Նոյեմբեր 1986, երբ Յակոբ Լեւոնեանի մահուան լուրը ցնցեց աւստրալահայ գաղութը:
Յակոբ իր կեանքը զոհաբերեց ազգին ու Հայ Դատին: Երբ ազգին եւ Արդարութեան Մարտիկներու կանչը զինք մղեց դէպի Մելպուրնի թրքական դեսպանատուն, գիտակցաբար եւ անձնազոհութեամբ դիմագրաւեց մահը:
Ան իր պատանի օրերէն եղած է խիզախ, անձնուէր եւ հայրենասէր: Իր ներկայութիւնը միշտ ցանկալի եւ հաճելի էր հայկական շրջանակներուն մէջ, իր քաղցր եւ ընկերասէր բնաւորութեան պատճառաւ:
Յակոբ իր կեանքի ամենասուրբ կոչումը նկատած էր իր վեհ ազգին պայքարը, ընդդէմ հայ ժողովուրդի դարաւոր թշնամիին՝ թուրքին:
Իր արարքը կը նկատուի գերագոյն զոհաբերութիւն՝ հանդէպ հայ ազգին, որ դարաւոր տանջանքներէ եւ ջարդերէ վերապրած, սակայն տակաւին յարատեւ պայքարի մէջ է:
Յակոբ Լեւոնեան իր արեան գնով իմաստաւորեց հետեւեալ տողերը.
«Ամենայն տեղ մահը մի է, մարդ մի անգամ պիտ մեռնի, բայց երանի՜ որ իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի»:
Իր վեհանձն նուիրումը եւ յիշատակը պէտք է անմառ պահուի որպէս հայասէր, անձնուէր հայորդիի տիպար օրինակ՝ մեր ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն:
Խունկ եւ աղօթք Յակոբ Լեւոնեանի յիշատակին:
Այո, խունկ եւ աղօթք իր յիշատակին որպէսզի անթառամ մնայ. իր զոհաբերումը օրինակ ծառայէ միւս տղոց:
ASDUADS HOKIT LOUSAVORE ENG.HAGOP,HISHADAGET MISHD GE MNA MER SRDEROUN MECH HAVIDIAN.