
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Սփիւռքի շարք մը գործիչներու եւ արուեստագէտներու կողմէ change.org կայքին միջոցաւ նախաձեռնուած «Արդարութիւն Հայաստանի մէջ» ստորագրահաւաքին ցարդ (Սեպտեմբեր 26) միացած է մօտաւորապէս 2400 հոգի։
Նախաձեռնողներու 30 հոգինոց խումբին մէջ են յայտնի երաժիշտ Սերժ Թանքեան, դերասանուհի Արսինէ Խանճեան եւ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան։
«Մենք Ո՛Չ կ՛ըսենք համակարգուած կաշառակերութեան, մենաշնորհներուն, դատական անհաւասարութեան, ոստիկանութեան բրտութեան, քաղաքական կողմնակալութեան, անհաւասար իրաւունքներուն, արտագաղթին եւ ընտրական կեղծիքներուն, որոնք նպաստեցին շարունակական ապօրինութիւններուն», ըսուած է նախաձեռնողներուն կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կոչ կ՛ըլլայ Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ Ապրիլին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ապահովեն թափանցիկութիւն եւ օրինականութիւն:
«Այս քաղաքական նախաձեռնութիւն չէ՛. ես որեւէ կուսակցութեան անդամ չեմ, նախաձեռնողներէն ոչ մէկը կուսակցական է. մենք միայն կ՛ուզենք, որ Հայաստանի մէջ հաստատուի ժողովրդավարութիւն: Միայն հայաստանցիներն են ընտրողները, իսկ մենք կ՛ուզենք, որ հայաստանցի ընտրողներուն իրաւունքները պահպանուին», այս առթիւ ըսած է Էկոյեան։
Հայաստանէն շարք մը քաղաքական գործիչներ արդէն իսկ միացած են այս ստորագրահաւաքին. անոնց շարքին է «Համախմբում» կուսակցութեան առաջնորդ, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Ռաֆֆի Յովհաննէսեան:
Նախաձեռնութեան հեղինակները կը յայտնեն, թէ այս գաղափարը ծնած էր Յուլիսին տեղի ունեցած զանգուածային ձերբակալութիւններէն ետք։
«Արսինէ Խանճեանը ընտրութիւններու օրերուն Հայաստան պիտի գտնուի։ Ես ալ պիտի փորձեմ գալ Հայաստան Ապրիլին, Սփիւռքի շարք մը ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի ցոյց տանք, թէ կը հետեւինք ընտրութիւններուն», աւելցուցած է Էկոյեան։
What i have been writing since two years without moderation