ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի, խօսելով Յուլիս 15ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձին մասին՝ փորձած է «բացայայտումներ» կատարել անոր «իսկական» նպատակին մասին:
Ըստ թրքական «Ենի Աքիթ» թերթի կայքին՝ Զէյպեքճի յայտարարած է, որ յեղաշրջման փորձը իրականութեան մէջ բռնագրաւման փորձ մըն էր, որուն նպատակն էր Թուրքիոյ հողերը բաժանել ու տալ երկու պետութիւններու՝ Հայաստանի եւ Քիւրտիստանի:
Ըստ թուրք նախարարին՝ եթէ պետական յեղաշրջումը յաջողէր, ապա Թուրքիոյ մէջ ներքին պատերազմ պիտի հրահրուէր, Սուրիոյ եւ Իրաքի նման: