ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Համաշխարհային խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ պայքարող ծառայութիւնը (WADA) վերստուգած է Պէյճինկի 29րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցած, ծանրաբարձութեան մէջ Հայաստանի հաւաքականի անդամ Տիգրան Մարտիրոսեանի խթանիչ դեղերու գործածութեան պարագան, եւ բացայայտուած է, որ արդիւնքը դրական է։ Այս մասին յայտնած է Միջազգային ողիմպիտական կոմիտէի պաշտօնական կայքը:
69 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգին մէջ հանդէս եկած Տիգրան Մարտիրոսեան Պէյճինկի խաղերուն դարձած էր պրոնզէ մետալակիր: Խթանիչ դեղերու գործածութեան առնչուող քննութենէն ի յայտ եկած է, որ ան օգտագործած է «սթանոզոլոլ» եւ «թուրինափոլ»:
Միջազգային ողիմպիտական կոմիտէի զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Տիգրան Մարտիոսեան խախտած է խթանիչ դեղերու գործածութեան վերաբերող կանոնները, ուստի որոշում տուած է որակազրկել զայն: Ըստ զեկոյցին՝ որակազրկման ժամկէտին մասին վերջնական որոշում պիտի կայացնէ Ծանրաբարձութեան միջազգային դաշնակցութիւնը: