ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական բաժինի ներկայացուցիչ Պեհրուզ Հասանով յայտարարած է, որ Ատրպէյճան իր կարելին կ՛ընէ երկրին մէջ թուրք այլախոհ քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի հետեւորդներուն գործունէութիւնը կասեցնելու համար:
«Ատրպէյճանի մէջ լուրջ պայքար կը տարուի արմատական կրօնական խմբաւորումներու դէմ: Չենք ուզեր պատկերացնել, թէ ի՛նչ պիտի կատարուէր թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Թուրքիոյ մէջ, եթէ Յուլիս 15ի յեղաշրջումը յաջողէր», ըսած է Հասանով:
Նախապէս, կիւլենական Հայաթի Քիւչիւք թրքական «Սապահ» թերթին պատմած էր, որ Ատրպէյճան գտնուող կիւլենական շարժումի ներկայացուցիչը անձամբ հեռաձայնած է ամերիկաբնակ Կիւլենին եւ բողոքած, թէ Ալիեւի վարչակարգը ամէն կերպով կը փորձէ խոչընդոտել իրենց աշխատանքը: Անոր ի պատասխան, Կիւլեն բացագանչած է. «Թող չստիպեն, որ զիրենք Կասպից ծով նետեմ»: