ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 29 Օգոստոսին, պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմի, ղեկավարման մարմինի բաժանմունքներու ու ծառայութիւններու պետերուն, միաւորումներէն մէկուն եւ ենթակայ զօրամասերու հրամանատարներուն մասնակցութեամբ բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած է ծառայողական խորհրդակցութիւն, զոր վարած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեան:
Քննարկուած են զօրամասի մարտական պատրաստութեան, զինուորներուն մարտունակութեան կատարելագործման եւ մասնագիտական ունակութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ նոր ուսումնական փուլին ընթացքին տեղ գտած թերութիւններու եւ բացթողումներու վերացման վերաբերող հարցեր:
Խորհրդակցութեան աւարտին բանակի հրամանատարը յառաջիկային կատարուելիք աշխատանքներուն վերաբերեալ պատասխանատու սպաներուն տուած է համապատասխան ցուցմուքներ եւ հրահանգներ: