ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Ֆրանսուա Հոլանտի հետ կայացած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման կարելիութիւնները, կը հաղորդէ Քրեմլինի կայքը:
Փութին Հոլանտին տեղեկութիւններ փոխանցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ Յունիս 20ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման արդիւնքներուն մասին: Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարները յոյս յայտնած են, որ հանդիպման ձեռք բերուած արդիւնքները կը նպաստեն խաղաղ գործընթացի յառաջխաղացման:
«Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու համատեղ գործունէութիւնը, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ծիրէն ներս», նշուած է Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: